Արաբական Մամուլի Տեսութիւն (26 Յուլիս-8 Օգոստոս 2012). Հիւսիսային Իրաքի Եւ Հիւսիսային Սուրիոյ Քրտական Անկախ Պետութիւններուն Մարտահրաւէրը Կը Սպառնայ Թուրքիոյ
By adminx - Wed Aug 15, 12:48 am
- 0 Comments
- 41 views
- Tweet
Email
Print
Սուրիոյ տագնապին զուգահեռ քրտական հարցը եւ երկրին հիւսիսը քրտական անկախ պետութիւն մը հիմնելու մտավախութիւնները ցոյց տուին, թէ Սուրիոյ ներքին իրադարձութիւններուն վատթարացումը Թուրքիան կը մտահոգէ եւ զայն դէմ յանդիման կը դնէ բազմաթիւ սպառնալիքներու:
Հաւանական այս սպառնալիքներուն մասին կը ներկայացնենք արաբական մամուլէն քաղուած նիւթեր.
«ՍԱՖԻՐ». Սուրիոյ քիւրտերը վարչակարգին դէ՞մ են, թէ՞ ընդդիմութեան կը զօրակցին: Այսօրուան դրութեամբ Սուրիոյ մէջ երեք միլիոն հաշուող քիւրտերը ի՞նչ կացութեան մէջ կը գտնուին: Այս հարցումը ներկայ հանգրուանին աւելի քան կարեւոր է, յատկապէս այն իրականութեան համար,որ քրտական երկու մեծագոյն ցեղախումբերը միացան քրտական-իրաքեան հովանաւորութեամբ: Այս քայլը կը նշանակէ, թէ անոնք պաշտօնապէս հակադրուած են Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին, որ երկար ատեն յոյս դրաւ փոքրամասնութիւններուն վրայ:
Բայց եւ այնպէս այս պատահարը չի մղեր, որ քիւրտերը սուրիական ընդդիմութեան հետ նոյն խրամատին մէջ ըլլան եւ ոչ ալ կը մղէ, որ անոնք բացարձակ կերպով սուրիական վարչակարգին դէմ ըլլան: Հետեւաբար այս կացութիւնը կը դառնայ իրականութիւն մը, որ կը մտահոգէ տագնապին մաս կազմող բոլոր կողմերը, յատկապէս` Թուրքիան:
Անցեալ 12 յուլիսէն առաջ քրտական կեցուածքը ենթակայ էր խոր եւ պատմական տարակարծութիւններու եւ երկփեղկուած էր Արեւմտեան Քիւրտիստանի ազգային խորհուրդին եւ Քրտական-սուրիական ազգային խորհուրդին միջեւ: Սակայն աւելի ուշ այդ կեցուածքը միասնական դարձաւ, երբ (Իրաքի քրտական ինքնավար շրջանի մայրաքաղաք) Էրպիլ յաջողեցաւ Սուրիոյ մէջ գտնուող քրտական երկու գլխաւոր ցեղախումբերը միացնել եւ զանոնք համախմբել Քրտական գերագոյն խորհուրդին ներքեւ: Քիւրտերը համախմբելու համաձայնութիւնը բաղկացաւ հիմնական որոշ կէտերէ.- ա) Միջքրտական բախումներուն կասեցումը, բ) երկու կողմերուն միջեւ տեղեկատուական պատերազմին եւ ընդվզումներուն կասեցումը, գ) կեցուածքներուն համադրումը, դ) գետնի վրայ գործող միացեալ յանձնախումբերուն ստեղծումը եւ ե) դիւանագիտական աշխատանքի համադրումը:
«Սաֆիր»-ի յօդուածագիր, թրքագէտ Մոհամետ Նուրէտտին այս մասին կը գրէ, թէ Թուրքիա օր մը օրանց յարանուանական եւ ցեղագրական իրավիճակի դիմաց չէ յայտնուած, ինչպէս է պարագան հիմա: «Եթէ Սուրիոյ տագնապը թաքնուած որոշ հարցեր բացայայտած է` թրքական ընկերութիւնը տարբաղադրող կողմերուն յարաբերութիւններուն մասին, ապա Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան վարած քաղաքականութիւնը յենած էր այնպիսի գաղափարաբանութեան մը, որուն բովանդակութիւնը պայթած էր «Արաբական գարնան» սկսումով:
«Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կուսակցութեան համար քրտական հարցը վերածուած է «ֆոպիա»-ի մը, իսկ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու կը ջանայ Սուրիոյ մէջ յարանուանական եւ ցեղային քարտէսները եւ կազմուածքը յստակացնել: Եւ իբրեւ այդպիսին, բնական է, որ անոնք ստուգեն եւ ճշդեն նաեւ Թուրքիոյ ցեղային եւ յարանուանական քարտէսները: Աշխատանք մը, որ իր մէջ ներգրաւած է բոլոր թուրք ղեկավարները 1923-էն սկսեալ մինչեւ օրս», կ՛ըսէ Մ. Նուրէտտին:
Այլ յօդուածի մը մէջ Նուրէտտին կը գրէ, թէ Մեծն Քիւրտիստան մը կերտելը այլեւս երազ չէ, այլ` ան աստիճանաբար պիտի վերածուի իրականութեան: «Իրաքի մէջ քրտական անկախ պետութենէն» ետք ահա իր գլուխը կը ցցէ «Սուրիոյ մէջ քրտական անկախ պետութիւնը»` մէկուկէս տարիէ ի վեր շարունակուող սուրիական տագնապալի իրավիճակին ընդմէջէն: Մինչդեռ «Թուրքիոյ մէջ քրտական անկախ պետութեան» հաստատման հարցը առկայ է 1923-էն` Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնումէն ի վեր, եւ այս առումով անիկա տկար կէտը կը հանդիսանայ թրքական հողային ամբողջականութեան:
Հիւսիսային Իրաքի հարցէն ետք, Թուրքիա այսօր կը դիմագրաւէ հիւսիսային Սուրիոյ վտանգը: Իսկ Անգարա մնայուն կերպով բարձրացուցած է իր ձայնը եւ դէմ կեցած Իրաքի բաժանումին, քրտական դաշնութեան եւ հիւսիսային Իրաքի մէջ քիւրտերուն վերաբերող ամէն տեսակի մանրամասնութեան: Սակայն արձանագրուած զարգացումները Անգարայի կամքին դէմ էին, որովհետեւ Իրաքը բաժնուեցաւ եւ քրտական դաշնութիւն գոյացաւ: «Յստակ է, որ Սուրիոյ համար գծուած որեւէ նոր քարտէս մը հիւսիսային Սուրիան պիտի չվերադարձնէ իր նախկին իրավիճակին, այսինքն` Սուրիոյ ամբողջականութեան մաս կազմող հողերու»:
Անկախ Սուրիոյ վարչակարգին թէ ընդդիմութեան հետ ըլլալու իր իրականութենէն, հիւսիսային Սուրիոյ շրջանը պիտի տարուբերի ամբողջական անկախութեան, Իրաքի քրտական պետութեան միանալու, ամբողջական ինքնավար մարզի վերածուելու կամ նոր Սուրիոյ մէջ որեւէ դաշնութեան մը վերածուելու ընտրանքներուն մէջ:
Այս իմաստով թրքական իշխանութիւնները մտահոգ են քրտական կողմին զինումէն եւ պէտք է հաստատել, որ քրտական ուժերը հիւսիսային Սուրիոյ շրջաններուն մէջ գտնուող իրենց երիտասարդները ամբողջական կերպով կը զինեն:
Հետեւաբար Թուրքիոյ համար հիմնական մտահոգութիւն է այն, որ հիւսիսային Սուրիան կրնայ իրականութեան վերածել Մեծն Քիւրտիստանի կերտումը, միանալէ ետք Իրաքի քրտական անկախ պետութեան հետ եւ ապա հասնելէ ետք Թուրքիոյ հարաւարեւելեան շրջանին եւ ի վերջոյ Իրանի քրտական անկախ պետութեան:
Ներկայ պայմաններուն մէջ քրտական խաղաքարտը կ՛օգտագործուի լայն առումով եւ քաղաքական բոլոր ուժերուն կողմէ: Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) անդամները, որոնց գործունէութեան մասին Սուրիոյ իշխանութիւնները աչք գոցելու քաղաքականութիւնը որդեգրած են եւ արտօնած, որ անոնք տիրեն այն շրջաններուն, ուր սուրիական բանակ չկայ եւ Քիւրտիստանի ու Սուրիոյ մէջ գործող Քրտական միասնականութեան կուսակցութեան դրօշներ բարձրացնելու թրքական սահմանին դիմացը գտնուող բարձունքներուն վրայ, ինչ որ պատճառ դարձած է, որ Տաւութօղլու խնդրէ սուրիական բանակէն, որ վար առնէ այդ դրօշները:
Եթէ թրքական հաշիւներով` մեծագոյն վտանգ նկատուող ՔԱԿ-ն ու սուրիական վարչակարգը տապալելը առաջնահերթութիւն կը նկատուին, ապա աւելի երկար ժամկէտի վրայ շատ աւելի մեծ վտանգ կը նկատուի այն իրականութիւնը, որ Սուրիոյ քրտական շրջանը կրնայ Մեծն Քիւրտիստանի մաս կազմել, աւելի ուշ միանալով նաեւ հիւսիսային Իրաքին` իբրեւ Ա. հանգրուան եւ ապա հարաւարեւելեան Թուրքիոյ` իբրեւ Բ. հանգրուան:
«Հոս կարեւոր է շեշտել, որ նման ընտրանք մը եւ իրականութիւն մը առկայ է, եթէ Սուրիոյ մէջ տիրող կացութիւնը ուղղուի դէպի ամբողջական քաոս եւ բաժանում: Այս պարագային Թուրքիա դէմ յանդիման պիտի գտնուի յաւելեալ վտանգներու, որովհետեւ Սուրիոյ բաժանումին իբրեւ հետեւանք պիտի ստեղծուի նաեւ ալեւիական պետութիւն մը, որուն կրնան մաս կազմել նաեւ Սուրիոյ քրիստոնեայ քաղաքացիները: Իսկ այդ պարագային քրտական եւ ալեւիական պետութիւնները պիտի գտնուին ներկայ թրքական-սուրիական գրեթէ ամբողջ սահմանին երկարութեան եւ Անգարա ինքզինք պիտի գտնէ իր հարաւային կողմը գտնուող երեք պետութիւններու առջեւ: Այդ պետութիւնները պիտի ըլլան քրտականը, ալեւիականը եւ թերեւս նաեւ սիւննիականը, որ կրնայ դէպի Թուրքիա նեղ անցք մը ունենալ»:
Իսկ եթէ նկատի ունենանք, որ ալեւիական պետութիւնը պիտի գտնուի «թրքական» հող նկատուող եւ մեծ թիւով ալեւի ու արաբ բովանդակող Ալեքսանտրէթին կից, իսկ քրտական պետութիւնը պիտի գտնուի քիւրտերով բնակուած թրքական հողերուն կից, պիտի տեսնենք, որ Սուրիոյ կացութեան բարդացումը ի՛նչ հետեւանք կրնայ ունենալ, յատկապէս Թուրքիոյ վրայ:
Այլ յօդուածագիր մը` Ֆարուք Հաժի Մուսթաֆա, «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին մէջ գրած իր յօդուածին ընդմէջէն կ՛անդրադառնայ Թուրքիոյ սպառնացող քրտական-սուրիական մարտահրաւէրին: Ան կը հաստատէ, որ Թուրքիա ուշացած է անդրադառնալու Իրաքի քիւրտերուն հետ յարաբերութիւններուն կարեւորութեան` նուազագոյնը պահպանելու համար թրքական իշխանութեան կարողութիւնը:
Իրաքը Իրանի իշխանութեան տակ անցնելէ ետք, թրքական դիւանագիտութիւնը, հինգ դարերէ ետք առաջին անգամ ըլլալով «Հիւսիսային Իրաք»-ի փոխարէն օգտագործեց «Քիւրտիստան» եզրը: Իսկ ներկայիս, Իրաքի քիւրտերուն կողքին, թրքական իշխանութիւններուն համար մարտահրաւէր կը նկատուին նաեւ Սուրիոյ քիւրտերը, որոնք մնայուն կերպով կը խոչընդոտեն Սուրիոյ ընդդիմութեան գումարած խորհրդաժողովներուն քիւրտերուն մասնակցութիւնը եւ կ՛արգելակեն Սուրիոյ ապագային մասին ընդդիմութեան գծելիք ծրագիրներն ու պատկերացումները:
Հաժի Մուսթաֆա կը շեշտէ, որ Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող քիւրտերուն դէմ Թուրքիա կը սպառնայ` զանոնք նկատելով սուրիական ընդդիմութիւնը պառակտող տարրեր եւ այդ ձեւով կը փորձէ զանոնք լուսանցքայնացնել, որպէսզի Իրաքի քիւրտերուն նման փորձանք չդառնան: «Աւելի՛ն. Թուրքիա կը փորձէ երկփեղկել նաեւ քրտական կուսակցութիւնները եւ ձախողեցնել քրտական միասնականութեան ձգտող Պարզանիի ջանքերը` մնայուն տարակարծութիւններ ստեղծելով քիւրտերուն միջեւ, որպէսզի կանխարգիլէ քրտական յեղափոխութիւնն ու անոր ուղին», կը գրէ Հաժի Մուսթաֆա:
Նոյն յօդուածագիրը այս անգամ «Հայաթ» օրաթերթին մէջ կ՛անդրադառնայ նոյն թղթածրարին` ըսելով, որ ոչ ոք կրնայ կռահել Սուրիոյ քիւրտերուն ապագան, որովհետեւ քրտական հարցը ունի սահմաններ խզող խորքեր, որոնք քրտական ուժերը լուրջ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը դնեն: Այս առումով կարելի է հաշուել այն պետութիւնները, որոնք կը զլանան քիւրտերուն շնորհել իրենց իրաւունքները:
Ան նկատել տուաւ, որ արաբական ընդդիմութիւնը քիւրտերուն վերաբերող կարգ մը փաստաթուղթեր հրապարակած է եւ այդ փաստաթուղթերուն վրայ կարելի էր հիմնուիլ, եթէ արաբական ընդդիմութիւնը իր տեսակէտին մէջ լուրջ ըլլար: Սակայն անոնք շուտով հրաժարեցան այդ փաստաթութերէն.- Սուրիոյ Ազգային խորհուրդի փաստաթուղթը, եւ անկէ առաջ Փարիզի համադրող խորհուրդին փաստաթուղթը, իսկ աւելի ուշ Փարիզի համադրող խորհուրդի ընդհանուր գործավար Հասան Ապտել Ազիմ հերքեցին քիւրտերուն ազգային իւրայատկութիւն ունենալը` նշելով, որ անոնք ազգային իրաւունքներ չունին:
«Քիւրտերը լաւ գիտեն, թէ դաշնութեան կամ այլ կարգախօսներ բարձրացնելը բաւարար չէ իրենց իրաւունքներուն վերատիրանալու համար, յատկապէս նկատի ունենալով իրենց թիւը եւ աշխարհագրական տուեալները, ինչպէս նաեւ ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական կեանքին իրենց մօտեցումները»:
«Սաֆիր» օրաթերթի յօդուածագիրներէն Մոհամետ Պալլութ կը փորձէ բացատրել Սուրիոյ մէջ քիւրտերուն տիրապետութեան դրդապատճառները: Ան նկատել կու տայ, որ հիւսիսային Սուրիոյ կարգ մը քաղաքներուն մէջ Քիւրտիստանի դրօշակներ բարձրացնելը միայն սուրիական վարչակարգին դէմ ուղղուած չէ, այլ նաեւ սահմանին միւս կողմը գտնուող թրքական պետութեան:
«Քուպանին, Քամըշլին, Աֆրինը, Մալքիէն եւ Տերիքը, ինչպէս նաեւ այլ քաղաքներ, ուր մեծ թիւով քիւրտեր կ՛ապրին, աւելի քան մէկ տարիէ ի վեր կը նկատուին Քրտական ժողովրդավարական համադաշնակցութիւն կուսակցութեան զինուորական հակակշիռին տակ գտնուող շրջաններ», նշեց ան:
Քրտական զինուորական այս գործողութիւնները սուրիական վարչակարգին կողմէ չընդմիջուեցան եւ անոր դիմադրութեան ենթակայ չդարձան, որովհետեւ սուրիական վարչակարգը կը նախընտրէ քիւրտերը զանց առնել բախումի ճակատներէն: Յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ մէկ տարիէ ի վեր քիւրտերը պաշտպանած են հիւսիս արեւելեալ Ռիֆ Հալէպը` Սուրիոյ Ազատ բանակին յարձակումներուն դէմ:
Անոնք Ռիֆ Հալէպի հիւսիսարեւելեան շրջանը պաշտպանած են փակելով Աֆրինի մայր ճամբան, որ ամբողջովին քիւրտերուն իշխանութեան տակ կը գտնուի: Քիւրտերը համոզուած են, որ թուրքերը կը խոչընդոտեն Քիւրտիստանի կերտումը եւ կ՛արգիլեն քրտական հաստատութիւններուն գոյութիւնը, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Քրտական ժողովրդավարական համադաշնակցութիւն կուսակցութիւնը զինեալ հիմնական ուժ մըն է եւ իր հինգ հազար զինեալները ինկած են ութսունական թուականներէն ի վեր` թրքական ուժերուն դէմ արձանագրուած բախումներուն ընթացքին:
«Նաշրա» կայքէջի յօդուածագիր Անթուան Հայեք այս մասին կը նշէ, որ քրտական հարցին միջամուխ ըլլալը` շրջանային տագնապին մէջ, Թուրքիան խուճապի կը մատնէ եւ Սուրիոյ կ՛ընծայէ դրական տուեալ մը:
Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ տագնապին մէջ քրտական հարցին միջամտութիւնը Թուրքիան մղած է որդեգրելու զգուշութեան լուրջ քայլեր, յատկապէս նկատի ունենալով, որ քրտական հարցին գրգռումը կրնայ ազդել ալեւիական Ալեքսանտրէթին վրայ եւ զայն առաջնորդել դէպի բախումներ եւ ստեղծել այնպիսի իրավիճակ մը, որուն ընթացքին Թուրքիա կրնայ քաղաքական եւ զինուորական առումով շրջափակուիլ եւ երկու երկիրներուն միջեւ կրնայ պատերազմ մը բռնկիլ: Հոս Թուրքիա նկատի ունի նաեւ այն իրականութիւնը, որ Իրան եւս ձեռնածալ պիտի չմնայ, այլ` պիտի ուղղուի պաշտպանելու Սուրիան եւ անոր վարչակարգը, որ Իրանի գնահատումով կը կազմէ ամերիկեան-իսրայէլեան առանցքին դէմ պայքարող վարչակարգ:
Հետեւաբար թրքական ուժերուն կողմէ Սուրիոյ դէմ սահմանային որեւէ խախտում, պիտի փոխադարձուի իրանեան ներխուժումով` նոյնիսկ եթէ այդ քայլը բռնկեցնէ շրջանային պատերազմ մը, որմէ կը վախնան բոլորը եւ որ անբաղձալի է բոլորին համար:
«Շարք Աուսաթ» օրաթերթի յօդուածագիր Սամիր Սալհա, անդրադառնալով հիւսիսային Սուրիոյ մէջ քրտական անկախութեան հաստատումին, կը գրէ, թէ Անգարա կը գտնուի երկու հիւսիսներու փորձանքին միջեւ:
Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած Դամասկոսի վերջին ռազմափորձը, որ արձանագրուեցաւ քրտական խմբաւորումներու եւ կուսակցութիւններու հետ փոխըմբռնումի հիման վրայ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով քիւրտերով բնակուած եւ թրքական սահմանին կից գտնուող շրջաններուն քրտական ուժերուն տրամադրութեան տակ դնելու քայլը ջրեց թրքական իշխանութիւններուն բանեցուցած ջանքերը` կանխարգիլելու համար նման բեմագրութիւն մը:
«Իլաֆ» կայքէջը հարց կու տայ. «Տաւութօղլու ի՞նչ կը պահանջէ Իրաքէն», եւ կը թուէ հետեւեալը.
1) Իրաքի քրտական ղեկավարութեան վրայ ճնշում բանեցնել, որպէսզի անոնք համոզեն Սուրիոյ քիւրտերը` միանալու համար Սուրիոյ Ազգային խորհուրդին:
2) Պարզանիի վրայ ճնշում բանեցնել, որպէսզի ան զօրակցի Քրտական ազգային խորհուրդին եւ դէմ դնէ Քրտական ժողովրդավարական համադաշնակցութիւն կուսակցութեան, որ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան ուղեգիծին կը հետեւի:
3) Պարզանիի ղեկավարութիւնը մղել ապահովական միջոցառումներ որդեգրելու Քրտական ժողովրդավարական համադաշնակցութիւն կուսակցութեան դէմ եւ արգիլելու դէպի Սուրիա անոնց փոխադրութիւնը: Այս շրջագիծին մէջ ակներեւ էր Սուրիոյ Ազգային խորհուրդի նախագահ Ապտել Պասեթ Սիտայի կողմէ Պարզանիի ներկայացուած պահանջը: Հոս հարկ է նշել, որ Սիտա իր կարգին այցելած էր Էրպիլ եւ Պարզանիի հետ տեսակցութեան ընթացքին նոյնինքն Տաւութօղլուի պահանջը ներկայացուցած էր անոր` խնդրելով, որ Քրտական ժողովրդավարական համադաշնակցութիւն կուսակցութեան անդամներուն դէպի Սուրիա փոխադրութիւնը խոչընդոտէ: Ի՜նչ զուգադիպութիւն :
4) Փոխանցել թրքական իշխանութիւններուն դժգոհութիւնը Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ Պարզանիի ունեցած դերակատարութենէն: Տաւութօղլու հաստատած է, որ Թուրքիա խիստ ընդվզած է Սուրիոյ տագնապին առումով քիւրտերուն ցուցաբերած խաղաղ վերաբերումէն:
Կայքէջը կը յայտնէ, որ Տաւութօղլուի քաղաքական այս օրակարգը կը բացայայտէ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութան վարած քաղաքականութեան իսկութիւնը, ինչպէս նաեւ քիւրտերուն եւ թուրքերուն միջեւ եղբայրական յարաբերութիւններ մշակելու իմաստով Էրտողանի կարգախօսներուն իսկութիւնը: Իրականութեան մէջ եղբայրական կարգախօսները պատմական դրացիին հետ հաւասարութիւն կ՛ենթադրեն, ինչպէս նաեւ իրաւունքներու ճանաչում… նախքան Պուրմայի եւ Չինաստանի իսլամներուն իրաւունքներուն մասին խօսիլը:
Ժամանակն է արդէն, որ Թուրքիա վերջ տայ քիւրտերը թշնամի նկատելէ, ինչպէս նաեւ ժամանակը հասած է արդէն, որ ան ձերբազատի օսմանական աթաթուրքեան մտայնութենէն, եթէ ան կը ցանկայ ըլլալ ժողովրդավարական պետութիւն մը, որ շրջանին մէջ կը ներկայանայ իբրեւ յառաջատար եւ օրինակելի քաղաքականութիւն ունեցող պետութիւն:
Միջին Արեւելքի Հայ Դատի Գրասենեակ
- 0 Comments
- 41 views
- Tweet
Email
Print



