Գոհար Երաժշտական Հիմնարկի Նորատիպ Եւ Կոթողական Երգարանը
By adminx - Wed Aug 15, 12:46 am
- 0 Comments
- 49 views
- Tweet
Email
Print
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
Խաչատուրեան եղբայրներուն հաստատած ԳՈՀԱՐ երաժշտական հիմնարկի նորագոյն ստեղծագործութիւնն է ԵՐԳԱՐԱՆ մը, որ մեր ցարդ տեսած հայկական երգարաններուն չի նմանիր իր ներկայանալի հրատարակութեամբ: Երգարան մը ըլլալէ աւելի` ԱԼՊՈՄ մըն է մեծադիր էջերով, որակաւոր թուղթով, որ ոսկեզօծուած ըլլալու գրաւչութիւնը ունի: Երկար տարիներու խմբագրական եւ պրպտումի աշխատանքով բիւրեղացած` «ծանրաբերք» հատոր մը, որուն իւրաքանչիւր էջին դիմաց կը յամենաս հիացական արտայայտութեամբ:
Նախանձախնդրութեամբ, մանրամասնութիւնները հիմնական նկատուած, իւրաքանչիւր երգ` իր բառերով եւ նոթագրութեամբ ներկայացուած: Այս յստակ ու մաքուր տպագրութեան կողքին տպուած է նաեւ լատինատառ մատուցումը, հայերէն չգիտցող հայուն կամ օտարին մատչելի ըլլալու մտադրութեամբ, որպէսզի երգին ընկալումը ըլլայ դիւրին եւ զայն սորվողը ոչ ոքի դիմէ` բացատրական մը խնդրելու:
Բծախնդրութեան այլ վկայութիւն մը կրնանք նկատել նաեւ այբուբենի շարքով ընտրուած եւ ցուցակագրական հերթով ներկայացուած երգերը: Իւրաքանչիւր երգին սկզբնատառը նկատի առնուած է Այբ-էն մինչեւ Օ տառը, այսպիսով վերջին երգը երգարանին կը հնչէ «Օտար ամայի» այդ յուզիչ եւ հայրենասիրական երգը:
Հարիւրաւոր երգեր, իւրաքանչիւր երգ` երկու էջ գրաւած. առաջին էջը ձայնագրուած, նոթաներով եւ անոնց ներքեւ` երգին բառերով: Կողքի էջին` երգին բանաստեղծութիւնը, հայատառ եւ լատինատառ:
Երգարանը ձօնուած է Խաչատուրեան եղբայրներու ծնողաց: Ի յիշատակ իրենց հօր` Արամ Խաչատուրեանի եւ ի յարգանս մօր` Գոհար Խաչատուրեանի:
Հատորին վերջին էջերուն արձանագրուած է անուանացանկը այն ազգայիններուն, գրողներուն եւ խմբագիրներուն, որոնք տարբեր ձեւերով օժանդակած են այս մեծագործ աշխատանքին:
Օգտագործուած են արդի արհեստագիտութեան բոլոր բարիքները` յաւելեալ գեղեցկութիւն դրոշմելով հատորին:
Էջի մը վրայ կը տեսնենք հայկական ձեռակերտ գորգի մը նկարը, որ կը կոչուի ԳՈՀԱՐ: Այս կը վկայէ, թէ Յարութ Խաչատուրեան հետամուտ է եւ պրպտող այն, ինչ որ հայկական արուեստին կը վերաբերի: Կը փնտռէ ու կը գտնէ` նոյն ատեն իր սեփականութիւնը դարձնելով:
Յարութ Խաչատուրեանի 2012-ի ինքնուրոյն մէկ նախաձեռնութիւնը եղաւ գրատուն-թանգարանի մը հաստատումը, Նահր պողոտայի վրայ, Խաչատուրեան շէնքին մէկ յարկին մէջ: Հոս պարփակուած են հազարաւոր երգարաններ` մեծ ու փոքր չափով, անցնող դարերէն մինչեւ մեր օրերուն լոյս տեսած: Այս գրատուն-թանգարանին մէջ կը տեսնենք նաեւ արժէքաւոր իրեր, գեղանկարներ, գորգեր եւ թանկարժէք, հայուն արուեստը ներկայացնող անգտանելի նմուշներ: Այս կը նշանակէ, թէ Յարութ Խաչատուրեան եւ Խաչատուրեան եղբարք, իրենց ազնուափայլ մօր` Գոհար Խաչատուրեանի անուան ձօնուած ԳՈՀԱՐ երգի ու երաժշտութեան համոյթին, խմբավարութեամբ Սեպուհ Աբկարեանի, կը շարունակեն տարածել հայ երգը` ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի: Փաստն այն է, որ ԳՈՀԱՐ անունը հետզհետէ կը դրոշմուի արուեստի այլազան նախաձեռնութիւններով` հայաշունչ եւ հայադրոշմ արուեստ մը փոխանցելով ներկայ համաշխարհայնացումի ճամբան բռնած մեր իրականութեան: Թող համացանցը տիրապետէ նոր օրերու մեր առօրեային, այս իրողութիւնը ոչինչով կը նուազեցնէ Խաչատուրեան եղբայրներուն եւ մանաւանդ Յարութ Խաչատուրեանին հետաքրքրութիւնը եւ հաւատարմութիւնը` հանդէպ հայուն արուեստին ծաղկումին` երգով, գիրքերով, երգարաններով, գեղանկարներով, տարբեր ձեւերով հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ ծաւալող իրագործումով: Այս կ՛ենթադրէ մեծագումար, իշխանական պիւտճէ, որուն բաշխումը կը կատարուի անհաշիւ: Այս է զարմանալին, հիանալին, սքանչելին: Յստակ է. Յարութ Խաչատուրեան կը հետեւի Վահան Թէքէեանի պատգամին. «Ինչ մնաց, կեանքէն ինծի ինչ մնաց…
… Ինչ որ տուի ուրիշին… ան մնաց»:
Գեղատիպ ու գեղազարդ կողքով, համակ բովանդակութեամբ ծաղկուն երգարան մը, որ պիտի յաւերժացնէ հայ երգը` կոմիտասեան հնչեղութեամբ:
* Հատորին կցուած է երգերուն խտասալիկը:
- 0 Comments
- 49 views
- Tweet
Email
Print



