Յուշատետր. Օրուան Երէկն Ու Վաղը
By adminx - Wed Aug 15, 12:42 am
- 0 Comments
- 14 views
- Tweet
Email
Print
Ռ. Հ.
Ամէն օր ունինք մեր «երէկ»-ն ու «վաղը»: Այնքան ալ սխալ չէ պնդել, թէ մենք ամէն օր «այսօր»-ուան մը մէջ ապրելով հանդերձ մասամբ կ՛ապրինք նաեւ «երէկ»-ուան ու «վաղ»-ուան մէջ: Ամէն օր տարբեր «երէկ» մը ու տարբեր «վաղը» մը ունինք, բայց այդ երկուքը անպայման կերպով մը, բանով մը կը խառնուին մեր «այսօր»-ին: Առնուազն օրուան մէջ հաւանաբար մէկ կամ երկու անգամ կը հարցնենք.
- Երէկ ի՞նչ օր էր:
- Վաղը ի՞նչ օր է:
Կամ.
- Երէկ ի՞նչ կերանք:
- Վաղը ի՞նչ պիտի ուտենք:
Կամ.
- Երէկ օդը լաւ էր:
- Վաղը օդը ի՞նչպէս պիտի ըլլայ:
Ճիշդ է, որ այս երէկն ու վաղը բոլոր մարդոց առօրեայ մտահոգութիւններուն մէջ հաւասար տեղ չեն գրաւեր: Շատեր իրենց առօրեայ կեանքի, իրենց ասպարէզի ու վարժութիւններու բերումով քիչ անգամ կը մտածեն «երէկ»-ուան ու «վաղ»-ուան մասին: Անոնց համար միայն «այսօր»-ը ճնշիչ է, միւսները երկրորդական կը մնան: Բայց կարգ մը ասպարէզներու մէջ տեսարանը կը փոխուի: Այդ ասպարէզներէ ներս մարդիկ ամէն օր աւելի յաճախակի կերպով կը մտածեն իրենց «երէկ»-ուան ու «վաղ»-ուան մասին: Առաջին օրինակը տանք մեզմէ, մամուլէն, մամուլի աշխարհէն: Մամուլի մարդիկը իբր թէ կ՛ապրին «այսօր»-ուան մը մէջ, բայց անոնց այդ «այսօր»-ը շատ ուժեղ կապերով կապուած է նախ նախորդ օրուան, ապա այն միւս օրուան որ պիտի յաջորդէ: Մամուլի մարդիկը ամէն օր իրենց ուսերուն վրայ կը զգան «երէկ»-ուան ու «վաղ»-ուան ճնշումը: Երբ այսօր կը խօսին պատահարներու մասին, անոնք արդէն «երէկ» պատահած պատահարներ են: Եւ երբ կը խօսին այդ պատահարներու հաւանական հետեւանքներուն մասին, անոնք այն հետեւանքներն են, որոնք «վաղը» պիտի պատահին: «Երէկ ի՞նչ պատահեցաւ» եւ «վաղը ի՞նչ կրնայ պատահիլ»: Այս երկու հարցումները կերպով մը կը ճնշեն ու չեն արտօներ, որ մամուլի մարդը լրիւ ու բացարձակ զգայնութիւնը ունենայ «այսօր» կոչուած օրուան:
Քաղաքագէտներ, քաղաքական հարցերու մեկնաբաններ, դիւանագէտներ եւս չունին բացարձակ «այսօր» մը: Անոնց օրը շաղախուած պէտք է ըլլայ նախորդող օրուան եւ յաջորդ օրուան մտահոգութիւններով եւ արժեւորումներով: Տակաւին ի՛նչ ասպարէզներ կան, որոնց մէջ մարդիկ պարտաւոր են ամէն օր իրենց աչքին առջեւ ունենալ մէկ կողմէ «երէկ»-ը, մէկ կողմէ «վաղը»: Օրինակ, այդպէս չէ՞ դպրոցի մը ուսուցիչը, որ այսօր դասի գալու ընթացքին պարտաւոր է պատրաստուած ըլլալ վաղուան դասին եւ պէտք է յիշէ երէկուան դասը:
Անշուշտ «երէկ»-ը միայն վերջին քսանչորս ժամերը չեն, ինչպէս որ «վաղը» ըսելով ալ չենք հասկնար յաջորդ օրուան քսանչորս ժամերը: Այս երկու բառերը, իրենց քսանչորս ժամերուն բովանդակութեան վրայ յաճախ կ՛աւելցնեն նաեւ մօտաւոր կամ հեռաւոր անցեալէն կամ մօտաւոր կամ հեռաւոր ապագայէն ժամեր ու օրեր: «Երէկ»-ը երբեմն շատ յստակ «երէկ» մըն է անցնող վերջին օրուան քսանչորս ժամերուն լոյսին տակ, երբեմն ալ նախորդ օրերէն ժառանգուած տպաւորութիւններու ու ապրումներու մնացորդ մըն է, որ ինքզինք կը յիշեցնէ, երբ կը մտածուի «երէկ»-ուան մասին: Ասիկա մարդուս կեանքին իմաստ, գոյն, հարստութիւն, գիտութիւն, գործնականութիւն, ներշնչում, փորձառութիւն եւ այսպիսի հարիւրաւոր մեքենականութիւններ շահեցնող ապրում մըն է: Կարելի չէ երեւակայել, թէ մարդուս կեանքը ի՞նչի կը վերածուէր, եթէ ան իր «այսօր»-ուան մէջ «երէկ»-ը ապրելու կամ յիշելու կարողութիւն չունենար: «Վաղը» կոչուածը այս տեսակէտէ թերեւս այդքան բախտորոշ չէ, որքան` «երէկ» կոչուածը: Մարդ կրնայ բնականոն կեանք մը ապրիլ առանց «վաղ»-ուան մասին մտածելու, առանց «վաղ»-ուան մասին պատկերացում մը ունենալու, կամ` առանց «վաղ»-ուան մասին ծրագիր մը մշակելու: Բայց մարդ չի կրնար բնականոն կեանք մը ապրիլ առանց «երէկ»-ը յիշելու, առանց «երէկ»-ը կրկին ապրելու եւ անկէ լոյս եւ ուղղութիւն քաղելու:
Մեր «երէկ»-ներուն հետ մեր կապը վառ պահելու համար կը կարօտինք «յիշողութեան», իսկ մեր «վաղուան հետ մեր կապը վառ պահելու համար կը կարօտինք «իմացականութեան»: Մէկը` մտածել է գոյութիւն ունեցածին մասին, միւսը` մտածել է անոր մասին որ տակաւին գոյութիւն չունի: Մէկը պատահած է, այլեւս անփոփոխ է, կը բաւէ, որ յիշենք նոյնութեամբ: Միւսը չէ պատահած տակաւին եւ կրնայ պատահիլ հազարումէկ տարբեր ձեւերով: Թէ ի՞նչ կրնայ պատահիլ ամենայն հաւանականութեամբ, այդ ենթադրութիւնը այնքան առողջ պիտի ըլլայ, որքան առողջ իմացականութիւն մը պիտի կարենանք շարժման անցընել:
Ի՛նչ լաւ է, որ ամէն օր երբեք առանձին չենք մեր «այսօր»-ուան դիմաց եւ մեզի հետ ունինք մեր «երէկ»-ն ու մեր «վաղը»:
- Ի՛նչ լաւ է, որ ամէն առտու մեր աչքերը կը բանանք հաւանաբար նախ մտածելով, թէ ի՞նչեր պատահած էին մէկ օր առաջ: Եւ ինչ լաւ է, որ ամէն գիշեր անկողին կը մտնենք` մենք մեզի հարց տալով, թէ վաղը ի՞նչ պարտականութիւններ ու ժամադրութիւններ ունինք կեանք կոչուած հրաշալի ապրումին հետ:
- 0 Comments
- 14 views
- Tweet
Email
Print



