50 Տարի Առաջ ( 15 Օգոստոս 1962 )
By adminx - Wed Aug 15, 12:31 am
- 0 Comments
- 52 views
- Tweet
Email
Print
Հայ Կեանք
Շահան Շահնուր Եւ
Ֆրանսական Մամուլը
«Քայիէ տէ Սեզոն»-ի 1962-ի ամառուան թիւը մեծ մասով նուիրուած է Արմէն Լիւպէնի (Շահան Շահնուր): Արդարեւ, 35 խիտ էջերու մէջ ֆրանսացի ականաւոր դէմքեր կը ներկայացնեն Շահան Շահնուր մարդը եւ գործը:
Առաջին առթիւ Ժագ Պոեններ կը ներկայացնէ Արմէն Լիւպէն բանաստեղծը: Անտրէ Տոթել «Կորսուած ցաւեր» խորագրին տակ կը խօսի հիւանդանոցի ցաւերուն մասին` ծանրանալով Լիւպէնի բանաստեղծութեանց իւրաքանչիւր տողի վրայ:
Ժան Սալապրէօյլ «Հորիզոնի հետ» կը վերլուծէ Լիւպէնի քերթուածները:
Անրի Թոմա «Վաւերական պատկերները» կը խորագրէ այն էջերը, զորս նուիրած է Շահնուրի, ուր կը խօսի ոչ միայն բանաստեղծին, այլեւ` բարեկամին մասին, կը յիշէ անոր մանկութիւնը, անոր երիտասարդութիւնը, ապա հիւանդը, անոր տառապանքը, զոր կը գտնէ բանաստեղծին տողերուն մէջ:
Փաթրիք Ռեմս, յետոյ` Ժան Ֆոլէն: Այս վերջինը կը յիշէ, թէ հայերէն ալ գրած է եւ կը խօսի այն օրերուն մասին, երբ ճանչցած է Լիւպէնը:
Պորիս Շրայպըր կը խօսի «Պահպանուած հաւասարակշռութեան վրայ», ապա կը յաջորդեն չորս քերթուածներ` Շահնուրէն:
Շաւարշ Նարդունի Ամերիկա Մեկնած
Ամսոյս 11-ին Ամերիկա մեկնած է ֆրանսահայ գրագէտ Շաւարշ Նարդունի, որ իր տպաւորութիւնները պիտի ղրկէ Ամերիկայէն:
Վերադարձին «Հայ բոյժ»-ի այս տարուան թիւերը պիտի հրատարակէ ամբողջական մէկ հատորով` շարունակելու համար գալ տարուան թիւերը ամսէ ամիս:
Յովսէփ Քէշիշեանի Մահը
Երէկ գրած էինք, թէ Ուաշինկթընի մէջ սրտի կաթուածէ մեռած է պոլսահայ մտաւորական-ուսուցիչ Յովսէփ Քէշիշեան:
Ծնած էր 1898-ին Տիգրանակերտ Սելվանի մէջ: Աշակերտած էր Պէրպէրեան վարժարանին, որմէ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք լծուած էր ուսուցչական ասպարէզին: Աւելի յետոյ կը նուիրուի հրապարակագրական ասպարէզին: Ուսուցչական պաշտօններ վարած է Հալէպ եւ Պէյրութ: 1950-ին Պոլսոյ պատրիարքարանի քարտուղարութեան պաշտօնը ստանձնեց եւ 6 տարի վարեց այդ պաշտօնը: 1956-էն ի վեր կը գտնուէր Ամերիկա:
Օգնութեան Խաչի Կազդուրման Կայանը
Օդափոխութեան վայրերու բախտաւոր հայրենակիցներ,
Վստահ ենք, որ առաւելագոյն չափով պիտի մասնակցիք այն հանգանակութեան, որ կիրակի, 19 օգոստոսին պիտի կատարուի լիբանանեան հովոցներու մէջ, Լիբանանահայ օգնութեան խաչին կողմէ, ի նպաստ Շթորայի կազդուրման կայանին:
Աւելի քան տասը տարիէ ի վեր հաստատուած Շթորայի կազդուրման կայանը նախախնամական դեր կը կատարէ մեր նորահաս սերունդի ֆիզիքական առողջութեան տեսակէտէն:
Այս խոր գիտակցութեամբ, նիւթական ձեր քաջալերութիւնը պիտի ընծայէք Օգնութեան խաչին, որուն հանգանակիչ յանձնախումբերը, գիւղագնացութեան զանազան կեդրոններուն մէջ, պիտի շրջին տունէ տուն` դիմելով իւրաքանչիւր հայու առատաձեռնութեան եւ նուիրաբերութեան ոգիին:
«Ամօթի Պատ»-ին Համար Ծախսուած Է
Հինգ Ու Կէս Միլիոն Տոլար
Արեւելեան Գերմանիոյ համայնավար վարչակարգը «Ամօթի պատ»-ին շինութեան համար ծախսեց 5,500,000 տոլար, մինչ այդ դրամով կարելի էր հանգստաւէտ բնակարաններ շինել բազմահազար արեւելագերմանացիներու համար, որոնք զուրկ են չորս պատերէ` իրենց եւ զաւակներուն պատսպարման համար:
Վերի ակնարկութիւնները կ՛ընէ «Պերլինըր Մորկընփոսթ» Պերլին քաղաքը բաժնող պատին առաջին տարեդարձին առիթով:
Այս տխուր տարեդարձին առիթով Արեւմտեան Պերլինի մէջ երեք վայրկեան բացարձակ լռութիւն մը պահուեցաւ: Արեւմտեան պերլինցիներ աղմկոտ ցոյցեր կատարեցին պատին արեւմտեան կողմը եւ ազատութեան զանգը ղօղանջեց դանդաղ ղօղանջներով: Իսկ պատին կառուցումէն ետք փախչելու ատեն մահացածներու (55 արեւելագերմանացիներ) յիշատակին Պերլինի քաղաքապետական երկու գլխաւոր շէնքերը սեւ պաստառներով պատեցին:
Թերթը շարունակելով իր ակնարկութիւնները` կ՛ըսէ.
«Ամօթի այս պատը բնակարանային շրջանները կը կտրէ 40 քիլոմեթր, անտառներ կը փճացնէ 19 քիլոմեթր, ջուրի ճամբաներէն 19 քիլոմեթր տարածութիւն անպէտ կը դարձնէ, իսկ լիճեր ու ջրանցքներ կը ձեւազեղծէ: Հարիւր յիսուներկու քիլոմեթր երկարութեան վրայ փշաթելեր կան, իսկ ամբողջական պատը եւ շուրջերը ծածկելու համար գործածուած արգելիչ թելերուն երկարութիւնն է 11,200 քիլոմեթր:
Պատը կը փակէ 193 փողոցներ: Մինչեւ այս տարուան յունիս ամիսը պատին զանազան մասերուն վրայ շինուեցան 115 աշտարակներ, որոնցմէ կը դիտեն Արեւմտեան Պերլին քաղաքը: Բազմահազար արեւելագերմանացիներ իրենց բնակարաններէն դուրս նետուեցան պատին շինութեան պատճառով, եւ երբ հարցուցին, թէ` «Ո՞ւր կրնանք երթալ», ոստիկանութեան պատասխանը պարզ էր. ԴԺՈԽՔ…»:
- 0 Comments
- 52 views
- Tweet
Email
Print



