Tuesday May 21, 2013

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

By adminx - Wed Aug 15, 12:30 am

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ձեր կատարած աշխատանքը արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ, որմէ պիտի գոհանանք նիւթապէս եւ բարոյապէս: Մնացէք նոյն խանդավառութեամբ: Օրը յուսատու է:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Այցելեցէք այն անձին, որ երկար ատենէ ի վեր ձեզ կը սպասէ: Օրը ունի նաեւ այլ կարգի պարտաւորութիւններ, կատարեցէք հանդարտութեամբ:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Կարգ մը աշխատանքներ չեն կատարուած ճիշդ ժամանակին, հետեւաբար այսօր ձեր օրը կրնայ քիչ մը յոգնեցուցիչ ըլլալ, սակայն մտահոգութիւնը կ՛անցնի:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ինքնավստահութիւնը լաւ է. այսուհանդերձ, ականջ տուէք նաեւ ձեր շուրջիններուն խրատներուն: Իւրաքանչիւր անձ տարբեր կը մտածէ:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Պտոյտ մը, արձակուրդի օր մը շնորհեցէք դուք ձեզի եւ միացէք ձեր սիրած անձին: Ամրան եղանակն ալ ունի իր բարիքները, օգտուեցէք անպայման:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր կարողութիւնը պիտի գնահատուի, հետեւաբար ձեր ինքնավստահութիւնն ալ պիտի զարգանայ: Ուրիշներուն ըրածին մի՛ հետեւիք, ըրէք ձեր փափաքածը:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Նորութիւններով լեցուն օր մըն է այս ձեզի համար: Պիտի հանդիպիք հետաքրքրական անձերու, որոնց փոխանցած տեղեկութիւններէն պիտի օգտուիք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր աշխատանքը պիտի գնահատուի: Շարունակեցէք ձեր գործերը` ըստ ձեր որոշածին: Օրը ունի հաճելի եւ հասութաբեր պահեր: Ուրախ եղէք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Եթէ ունիք մուրհակի պարտաւորութիւն, վճարումը կատարեցէք ճիշդ օրին: Նման պարտաւորութիւններ կը պահանջեն օրինապահութիւն: Անհոգութիւնը կը վնասէ ձեր վարկին:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ապրեցէք ըստ օրուան պահանջին: Ծովային կամ գիւղական պտոյտները կ՛օգնեն ձեր առողջութեան եւ տրամադրութեան բարձրացման: Զուարթ եղէք:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Նոր համաձայնութիւն մը պիտի կնքէք աշխատանքային կարգով: Ջանացէք յարմար եզր մը գտնել ձեր պարտաւորութիւնը դիմագրաւելու պարագային:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ատենին ձեր ըրած մէկ բարիքը պիտի յիշուի այսօր երախտագիտութեամբ: Ձեր օգնութիւնը մի՛ խնայէք կարիքաւոր անձերու նկատմամբ: Օրը հանդարտ է:

Leave a Reply

Advertisement