Tuesday May 21, 2013

Հայաստանի Եւ Աւստրալիոյ Միջեւ Ստորագրուեցաւ Պաշտօնական Առաջին Փաստաթուղթը

By adminx - Tue Aug 14, 7:58 am

Աւստրալիոյ արտաքին գործոց նախարարը եւ Նալբանդեան

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի Աւստրալիա պաշտօնական այցելութեան շրջագիծին մէջ երէկ Քանպերայի մէջ տեղի ունեցան Աւստրալիոյ արտաքին գործոց նախարար Պոպ Քարի հետ բանակցութիւնները:

Ողջունելով հայաստանցի իր պաշտօնակիցը` Աւստրալիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց, որ այս այցելութիւնը լաւ կարելիութիւն  կ՛ընձեռէ նոր բովանդակութիւն հաղորդելու երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ ինք տրամադրուած է գործուն քայլեր ձեռնարկելու այդ ուղղութեամբ:

Մեր երկիրներուն միջեւ կայ առանձնայատուկ ջերմութիւն մը, որ ձեւաւորուեցաւ Աւստրալիոյ մէջ հաստատուած եւ մեր երկրին զարգացման մէջ իրենց նշանակալի ներդրումը բերած հայերուն շնորհիւ: Մենք կ՛ակնկալենք աշխուժօրէն խորացնել ապագային միտուած մեր յարաբերութիւնները», շեշտեց Աւստրալիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

Շնորհակալութիւն յայտնելով Աւստրալիա հրաւէրին ու ջերմ ընդունելութեան համար եւ ընդգծելով, որ վերջին տարիներուն տեղի ունեցած են Հայաստանի եւ Աւստրալիոյ արտաքին գործոց նախարարներու շուրջ տասը հանդիպումներ` Էդուարդ Նալբանդեան նշեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ քաղաքական երկխօսութիւնը կը գտնուի բարձր մակարդակի վրայ, եւ իր այցելութեան հիմնական նպատակը տարբեր մարզերուն մէջ համագործակցութեան ընդլայնման վերաբերեալ գործնական համաձայնութիւններու ձեռքբերումն է:

Երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման շրջագիծին մէջ զրուցակիցները կարեւոր նկատեցին իրաւապայմանագրային դաշտի ձեւաւորումը, արտաքին գործոց նախարարութիւններու միջեւ խորհրդակցութիւններու կայացումը, միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ համագործակցութեան սերտացումը, տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացումը, մշակութային փոխանակումներու աշխուժացումը:

Միջազգային օրակարգի խնդիրներու քննարկումներուն ընթացքին Հայաստանի եւ Աւստրալիոյ արտաքին գործոց նախարարները արձանագրեցին, որ շատ հարցերու վերաբերեալ երկու երկիրներուն տեսակէտները կը համընկնին կամ շատ մօտ են իրար:

Նախարարներ Նալբանդեան եւ Քար միտքեր փոխանակեցին ճգնաժամային կէտերուն վրայ խաղաղապահ գործողութիւններուն Աւստրալիոյ եւ Հայաստանի մասնակցութեան վերաբերեալ: Նախարար Քար ներկայացուց Ասիա-խաղաղովկիանոսեան շրջանին մէջ արձանագրուած զարգացումները եւ Աւստրալիոյ դերակատարութիւնը այդ հոլովոյթներուն մէջ:

Աւստրալիոյ արտաքին գործոց նախարարին խնդրանքով Էդուարդ Նալբանդեան ներկայացուց արցախեան հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման բանակցային հոլովոյթը:

Նախարար Նալբանդեան երախտագիտութիւն յայտնեց Պոպ Քարին աւստրալիական Նոր Հարաւային Ուելս նահանգի վարչապետ եղած ժամանակ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքներուն համար:

Հանդիպումէն ետք նախարարները ստորագրեցին հայ-աւստրալիական առաջին երկկողմանի փաստաթուղթը` «Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Աւստրալիոյ արտաքին գործոց եւ առեւտուրի բաժանմունքին միջեւ խորհրդակցութիւններու վերաբերեալ յուշագիրը»:

Պոպ Քարը, ընդունելով պատասխան այցելութեամբ Երեւան ժամանելու Էդուարդ Նալբանդեանի հրաւէրը, յայտնեց յաջորդ տարուան առաջին կիսուն Հայաստան այցելելու մտադրութեան մասին:

Բանակցութիւնները շարունակուեցան Աւստրալիոյ խորհրդարանի անդամներուն եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն ներկայութեամբ` Աւստրալիոյ արտաքին գործոց նախարարին կողմէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին ի պատիւ տրուած պաշտօնական ճաշի ընթացքին:

Նոյն օրը Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպում ունեցաւ Աւստրալիոյ Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Փիթըր Սլիպըրի հետ:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին համագործակցութեան միջխորհրդարանական ձեւաչափի խթանման վերաբերեալ: Այս շրջագիծին մէջ  Էդուարդ Նալբանդեան նշեց, որ Հայաստան մեծ կարեւորութիւն կու տայ միջխորհրդարանական փոխադարձ գործակցութեան` իբրեւ երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման կարեւոր ձեւաչափ, եւ ողջունեց աւստրալիական կողմին մտադրութիւնը` աշխուժացնելու համագործակցութեան այդ մարզը:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը Աւստրալիոյ խորհրդարանի նախագահին ներկայացուց Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան գլխաւոր ուղղութիւնները եւ շրջանային խնդիրներու լուծման նպատակով ձեռնարկուող քայլերը:

Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ Աւստրալիոյ խորհրդարանի` Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի անդամներուն հետ: Խումբի նախագահ Ճոֆ Լիոնսի եւ փոխնախագահ Ճոն Հոքէ ներկայացուցին երկու երկիրներու յարաբերութիւններու զարգացման նպատակով իրենց գործունէութիւնը, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ բարեկամական խումբի աշխատանքները:

Նախարար Նալբանդեան շնորհակալութիւն յայտնեց երեսփոխաններուն հայանպաստ գործունէութեան համար եւ տեղեկացուց Կովկասեան շրջանին մէջ Հայաստանի քաղաքականութեան մասին:

Քանպերայի մէջ Էդուարդ Նալբանդեան հիւրընկալուեցաւ նաեւ Միջազգային յարաբերութիւններու աւստրալիական հիմնարկին մէջ, ուր Աւստրալիոյ յառաջատար քաղաքագէտներուն եւ վերլուծաբաններուն  առջեւ զեկուցեց Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մասին, որուն յաջորդեց հարցում-պատասխան Կովկասեան շրջանի զարգացումներուն, միջին արեւելեան իրադարձութիւններուն եւ միջազգային օրակարգի շարք մը այլ հարցերու վերաբերեալ:

Նախանցեալ օր Սիտնիի մէջ Էդուարդ Նալբանդեան այցելեց Սուրբ Յարութեան հայ առաքելական եկեղեցի, ուր մասնակցեցաւ Սուրբ Մարիամ Աստուածածինի Վերափոխման տօնին առիթով մատուցուած պատարագին:

Նախանցեալ օր արտաքին գործոց նախարարը հանդիպում ունեցաւ նաեւ աւստրալիահայ համայնքի շուրջ 400 ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց ներկայացուց Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւնները եւ պատասխանեց ներկաներու բազմաթիւ հարցումներուն:

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement