Ռայի Պատրիարքը Հովուապետական Այցելութեամբ Մը Ուղղուեցաւ Աքքար
By adminx - Tue Aug 14, 7:48 am
- 0 Comments
- 79 views
- Tweet
Email
Print
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ առաւօտեան քառօրեայ հովուապետական այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Աքքար, ուր արժանացաւ ջերմ ընդունելութեան` շրջանին բնակչութեան եւ պետական անձնաւորութիւններուն կողմէ:
Ռայի պատրիարքը Տէյր Աամար գիւղաքաղաքին մէջ ընդունուեցաւ շրջանին բնակչութեան կողմէ:
Ապտէի մէջ Ռայի պատրիարքը արժանացաւ ժողովրդային եւ պաշտօնական ընդունելութեան:
Այդտեղ արտասանած իր խօսքին մէջ Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց լիբանանցի քաղաքական ղեկավարներուն ընդառաջելու Ազգային երկխօսութեան նիստին մասնակցելու հրաւէրին, ինչպէս նաեւ զգուշացուց ապահովական խախտումներ գործելու միտումներ ունեցող դաւադրական ծրագիրներէն:
Ռայի պատրիարքը անհրաժեշտ նկատեց Աքքարի բարգաւաճումը` նկատել տալով, որ Աքքար զրկուած շրջան մըն է եւ ան կարիքը ունի բարգաւաճելու:
Մարոնի համայնքի պատրիարքը գնահատեց Աքքարի մէջ տիրող միասնականութիւնը եւ իսլամ – քրիստոնեայ համակեցութիւնը` շեշտելով, որ ինք կը փափաքի, որ իր կատարած հովուապետական այցելութեան կարգախօսը ըլլայ լիբանանեան ազգային համերաշխութիւնը` աւելցնելով, որ ինք պիտի այցելէ մարոնի, սիւննի, յոյն ուղղափառ եւ այլ համայնքներով բնակուած բոլոր շրջաններն ու գիւղաքաղաքները:
«Աստուած օրհնէ եւ պահպանէ այս շրջանը այն պայթումներէն, որոնք կը պատրաստուէին չար ձեռքերու եւ մեռած խիղճերու կողմէ, ինչպէս նաեւ ապահովէ իրաւունքները այն աքքարցիներուն, որոնք ամէն ձեւով կը կատարեն քաղաքացիական իրենց պարտականութիւնները», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:
Իր կարգին, Աքքարի միւֆթի շէյխ Ուսամա Ռիֆայի յայտնեց, որ Աքքարի մէջ իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութեան ամրապնդումը կը կայանայ իրենց միացեալ մշակոյթին մէջ:
Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահեր իր խօսքին մէջ նշեց, որ իբրեւ իսլամներ եւ քրիստոնեաներ իրենց կրօնները զիրենք կը մղեն զիրար սիրելու եւ գործակցութեան, ինչպէս նաեւ միասնականութեան, որուն իբրեւ արդիւնք դաւադիր կողմերուն նիւթած ծրագիրները ձախողեցան:
«Աքքար ձեր այցելութիւնը ապտակ մըն է անոր, որ փափաքեցաւ արգիլել այս շրջանին մէջ ձեր ներկայութիւնը», շեշտեց Տահեր` իր խօսքը ուղղելով Ռայի պատրիարքին:
Հալպայի մէջ Ռայի պատրիարքը այցելեց յոյն ուղղափառ համայնքի առաջնորդարան եւ ապա մարոնի համայնքի առաջնորդարան եւ Մար Ժըրժոս եկեղեցի, ուր ան արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց, որ ինք պիտի այցելէ նաեւ իսլամ հոգեւոր կեդրոններ:
Այս շրջագիծին մէջ Ռայի պատրիարքը այցելեց նաեւ Հալպայի իսլամ հոգեւորական կեդրոնը, ուր ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով իսլամ կրօնաւորներ եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ:
Հալպայի մէջ Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ քաղաքակրթութիւններն ու մշակոյթները պէտք չէ բախումի մէջ ըլլան, այլ` եղբայրութեան եւ միասնականութեան մթնոլորտի մէջ գոյատեւեն, Լիբանանի եւ յատկապէս Աքքարի մէջ:
«Աքքար իմ կատարած այցելութեանս հիմնական նպատակն է իսլամ եւ քրիստոնեայ համայնքները հրաւիրել փոխադարձ գործակցութեան` ի խնդիր մէկ Լիբանանի», ըսաւ ան:
Ռայի պատրիարքը եւ անոր ընկերակցող շքախումբը այցելեց նաեւ Պըպնինի, Պըրքայելի, Պըքյիթի եւ Հարարի շրջանները, ուր կազմակերպուեցաւ ժողովրդային բազմամարդ ընդունելութիւն, որուն ընթացքին Ռայի պատրիարքը բրինձի հատիկներու եւ ծաղիկներու թերթիկներու տարափի մը, ինչպէս նաեւ եկեղեցիներու զանգերուն ղօղանջին ներքեւ դիմաւորուեցաւ:
Ան այցելեց նաեւ Աքքարի Քըրայեաթ գիւղաքաղաքը, ուր մեծ թիւով մարոնի համայնքի զաւակներ կ՛ապրին:
Ռայի պատրիարքը բացումը կատարեց գիւղին մէջ իր անուան հրապարակին:
Պայնօ գիւղաքաղաքին մէջ Ռայի պատրիարքին ի պատիւ ճաշկերոյթ մը սարքուեցաւ նախկին փոխվարչապետ Իսամ Ֆարեսի բնակարանին մէջ:
Նշենք, որ իւրաքանչիւր շրջանի մէջ Ռայի պատրիարքը ստացաւ տուեալ շրջանին քաղաքապետութեան կողմէ տրուած յուշանուէր մը:
Միւս կողմէ, Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ան հաստատեց, որ Ռայի պատրիարքին Աքքար կատարած այցելութեան համար որդեգրած է ապահովական խիստ միջոցառումներ:
- 0 Comments
- 79 views
- Tweet
Email
Print




