Միշել Սըմահայի Հարցաքննութիւնը Սկսաւ` Զինուորական Ատեանին Կողմէ
By adminx - Tue Aug 14, 7:45 am
- 0 Comments
- 46 views
- Tweet
Email
Print
Նախկին նախարար Միշել Սըմահա երէկ Զինուորական ատեանին մէջ հարցաքննութեան ենթարկուեցաւ` Զինուորական ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Ռիատ Ապու Ղայտայի կողմէ:
Հարցաքննութեան ներկայ գտնուեցան Սըմահայի պաշտպան փաստաբանները` Մալեք Սէյիտ եւ Եուսեֆ Ֆընիանոս:
Առաւօտեան ժամը 10:00-ին սկսած հարցաքննութիւնը աւարտեցաւ կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, իսկ անոր շարունակութիւնը պիտի կատարուի այլ առիթով:
Սըմահայի հարցաքննութեան մասին ոչինչ սպրդեցաւ, այլ ամէն ջանք ի գործ դրուեցաւ` պահպանելու համար այդ հարցաքննութեան գաղտնի բնոյթը:
Սէյիտ յայտնեց, որ անկարելի է, որ աւագ վկան իր վկայութենէն ետք անհետանայ` հաստատելով, որ երկրորդ Մոհամետ Զուհէյր Սըտտիք մը անբաղձալի է:
Անկարելի է վստահիլ գոյութիւն չունեցող վկայի մը վկայութիւններուն:
Սէյիտ մերժեց հարցաքննութեան մանրամասնութիւններուն մասին տեղեկութիւններ սպրդեցնել` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է հարցաքննութեան վերաբերող մանրամասնութիւնները գաղտնի պահել:
Սէյիտ ընդգծեց, որ իսկական առումով ժողովրդավարական հարցաքննութիւն կը կատարուի Միշել Սըմահայի հետ, հակառակ այն հարցաքննութեան, որ կատարուած է տեղեկահաւաքի բաժանմունքին մէջ, ուր Սըմահայի վրայ լուրջ ճնշումներ բանեցուած են:
Աւելի ուշ, «Մանար» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Սըմահայի պաշտպան փաստաբանները դատական հարց յարուցած են ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆիի եւ տեղեկահաւաքի բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն Ուիսամ Հասանի դէմ` զանոնք ամբաստանելով Սըմահայի հարցով հետաքննութեան վերաբերող մանրամասնութիւնները սպրդեցնելու յանցանքով:
Երեկոյեան «Մանար» կայանը հաղորդեց, որ Սըմահա յետս կոչած է տեղեկահաւաքի բաժանմունքին հետ իր հարցաքննութեան մանրամասնութիւնները: Ըստ կայանին, Սըմահա շեշտած է, որ ինք տեղեկահաւաքի բաժանմունքին կողմէ բանեցուած հոգեկան ծանր ճնշումներու ենթարկուած է եւ այդ պաճառով որոշ բաներ յայտնած: «Սըմահա շեշտած է, թէ ականները հիւսիսային Լիբանանի սահմանին վրայ զետեղուելու եւ դէպի Սուրիա զէնքի մաքսանենգումը արգիլելու նպատակ ունէին», նշեց կայանը:
Միւս կողմէ, սակայն, անպաշտօն աղբիւրներու համաձայն, հարցաքննութեան ընթացքին Սըմահա իր տուած վկայութիւններուն մեծ մասը յետս կոչած է, սակայն այդ մասին ստոյգ ոչ մէկ տեղեկութիւն կայ:
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր յայտնեց, որ կառավարութիւնը Սուրիոյ վերաբերող ոչ մէկ որոշում պիտի տայ, մինչեւ Սըմահայի դէմ յստակ վճիռի մը արձակումը:
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա շեշտեց, որ Սըմահայի ձերբակալման ձեւը մերժելի է եւ լիբանանեան սահմանադրութեան հետ կը հակադրուի:
Նիքոլա նշեց, որ ամբաստանեալը անմեղ է մինչեւ անոր գործած յանցանքը փաստուիլը, եւ կոչ ուղղեց լրատուամիջոցներուն համբերելու մինչեւ հետաքննութեան եւ հարցաքննութեան արդիւնքներուն բացայայտումը` բեմագրութիւններ գրելու փոխարէն:
Յոյն կաթողիկէ համայնքի Ֆըրզոլ-Զահլէ-Պեքաա շրջանի առաջնորդ Իսամ Եուհաննա Տարուիշ եպիսկոպոսը, անդրադառնալով Սըմահայի թղթածրարին, յայտնեց, որ իրենք վստահութիւն ունին լիբանանեան դատական իշխանութիւններուն վրայ` մաղթելով, որ Սըմահայի դատավարութիւնը ըլլայ թափանցիկ:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ապահովական աղբիւրներէ, յայտնեց, որ Սըմահայի գործելիք ահաբեկչական արարքին բացայայտումը եղած է ընդհանուր դատախազութեան արտօնութեամբ:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, դիւանագիտական մտահոգութիւններ շրջանառութեան մէջ են, թէ նախկին նախարար Միշել Սմահայի հարցէն ետք Լիբանանի կացութիւնը կրնայ վատթարանալ:
Նոյն օրաթերթին համաձայն, նախկին նախարար Միշել Սըմահայի թղթածրարին հարցով գլխաւոր վկայ Միլետ Քֆուրի Կիպրոսի ճամբով եւ օտար անցագիրով բազմիցս այցելած է Իսրայէլ: Նոյն օրաթերթին համաձայն, Քֆուրի իսրայէլեան Մոսատին հետ սերտ յարաբերութիւններ ունի:
- 0 Comments
- 46 views
- Tweet
Email
Print



