Ժետտայի Մէջ Վարչապետ Միքաթի – Ապու Մազեն Հանդիպում
By adminx - Tue Aug 14, 7:39 am
- 0 Comments
- 13 views
- Tweet
Email
Print
Պաղեստինեան «Ուաֆա» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի Ժետտայի մէջ հանդիպում մը ունեցած է Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի (Ապու Մազեն) հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են լիբանանեան-պաղեստինեան յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւններն ու Իսրայէլի յամառութեան պատճառով շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերուն ձախողութիւնը:
Նշենք, որ վարչապետ Միքաթի եւ Ապու Մազեն այսօր պիտի մասնակցին Մեքքէի մէջ տեղի ունենալիք Իսլամական երկիրներու խորհրդաժողովի կազմակերպութեան արտակարգ վեհաժողովին, որ պիտի քննարկէ Սուրիոյ տագնապը:
- 0 Comments
- 13 views
- Tweet
Email
Print



