Thursday Jun 20, 2013

Վ. Սապունճեան Քննարկեց Կիպրոս Կատարելիք Այցելութեան Նախապատրաստութիւնները

By adminx - Tue Aug 14, 7:37 am

Սապունճեան, Մաւրոմմաթիս եւ Ճիկերճեան

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Հոմեր Մաւրոմմաթիսը` ընկերակցութեամբ դեսպանատան առեւտրական կցորդ Կարապետ Ճիկերճեանի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան յառաջիկայ սեպտեմբերի առաջին շաբթուան ընթացքին նախարար Սապունճեանի եւ լիբանանցի գործատէրերու մէկ պատուիրակութեան Կիպրոս կատարելիք այցելութեան մանրամասնութիւններն ու նախապատրաստական աշխատանքները:

Հանդիպումին նպատակն է Լիբանանի եւ Կիպրոսի միջեւ տնտեսական եւ առեւտրական յարաբերութիւնները գործնականացնել, ինչպէս նաեւ քաջալերել փոխադարձ ներդրումները:

Նախարար Սապունճեան ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Նիկերիոյ դեսպան Ամոս Օլուլ Իտուն եւ դեսպանատան տնտեսական կցորդ Ապու Պաքըր Ուիրիմին:

Քննարկուեցան երկկողմանի գործակցութիւնը բարելաւելու հեռանկարները:

Leave a Reply

Advertisement