Thursday Jun 20, 2013

Պըրրի Սալամէի Հետ Քննարկեց Ելեւմտական Իրավիճակը

By adminx - Tue Aug 14, 7:36 am

Սալամէ եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, որուն հետ քննարկեց երկրին ելեւմտական կացութիւնը:

Միւս կողմէ, Պըրրի շնորհաւորական հեռագիր մը յղեց Լիպիոյ Ազգային խորհուրդի նախագահ Մոհամետ Մաքրիֆի` անոր ընտրութեան առիթով: Պըրրի հաստատեց երկու խորհրդարաններուն միջեւ փոխադարձ գործակցութեան ամրապնդման եւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն բարելաւման անհրաժեշտութիւնը:

Նշենք, որ Ֆիթրի տօնին առիթով Պըրրի շնորհաւորական հեռագիրներ ստացաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընէն, Եմէնի Ազգային ժողովի նախագահ Ալի Ռայիէն, Սուտանի խորհրդարանի նախագահ Ահմետ Իպրահիմ Թահերէն եւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապիէն:

Նշենք, որ «Սաֆիր» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Պըրրի յայտնեց, որ Լիբանանի ազգային երկխօսութիւնը չի կրնար Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն քմահաճոյքին ստրուկը դառնալ. ան դիտել տուաւ, որ կարելի չէ նաեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանը սպասման վիճակի մէջ պահել այդ առումով:

Leave a Reply

Advertisement