Saturday May 25, 2013

Ամերիկեան Ինճիրլիք Ռազմակայանի Թուրք Աշխատակիցները Գործադուլի Կը Պատրաստուին

By adminx - Tue Aug 14, 7:32 am

Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ամերիկեան Ինճիրլիք ռազմակայանի երկու հարիւր թուրք աշխատակիցները կը պատրաստուին գործադուլի:

Գործադուլին պատճառը աշխատանքային համաձայնագիրի` աշխատավարձին վերաբերող կէտի խախտումն է. անոնք աշխատավարձի խոստացուած յաւելումը չեն ստացած:

Որոշումը տուած է Թուրքիոյ Զինուորական ծառայողներու միութիւնը: Կառոյցի ներկայացուցիչը ըսած է, որ եթէ իրենք գործադուլի սկսին, ռազմակայանի աշխատանքը կաթուածահար պիտի ըլլայ:

«Պաշտօնատարները համաշխարհային ճգնաժամը կը պատճառաբանեն: Մեզի ըսած են, որ Միացեալ Նահանգներ ճգնաժամի մէջ են եւ ոչ մէկ յաւելում չենք կրնար ակնկալել: Մեզի 1.5 առ հարիւրի յաւելում խոստացուած է, մեր աշխատավարձերէն կտրելո՞վ պիտի շտկեն Միացեալ Նահանգներու տնտեսութիւնը», հարց տուած է ան:

 

Leave a Reply

Advertisement