«Թուրքիոյ Փոխվարչապետին Պնդումները Շրջանը Կրնան Ներքաշել Կրօնական Եւ Ազգային Տագնապի Մէջ» Կ՛ըսէ Մեհմանփարասթ
By adminx - Tue Aug 14, 7:28 am
- 0 Comments
- 52 views
- Tweet
Email
Print
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան կայքէջը կը հաղորդէ, որ նախարարութեան բանբեր Ռամին Մեհմանփարասթ յայտնած է, որ Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչի կատարած յայտարարութիւնները կրնան շրջանը ներքաշել կրօնական եւ ազգային տագնապի մէջ:
Մեհմանփարասթ քննադատելով Թուրքիոյ փոխվարչապետ Արընչի` վերջերս Իրանի հասցէին կատարած մեղադրանքները, յայտարարած է. «Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) անդամներու` Իրանի տարածքէն Թուրքիա թափանցելու մասին Պիւլենթ Արընչի պնդումները ոչ միայն չեն նպաստեր այդ երկրի ներքին խնդիրներու լուծման, այլ նաեւ` կրնան շրջանը ներքաշել կրօնական եւ ազգային տագնապի մէջ»:
Իրանեան «Tabnak.ir» կայքէջին համաձայն, Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչ Իրանը մեղադրելով ՔԱԿ-ի անդամներուն աջակցութիւն ցուցաբերելու համար նշած էր. «Անգարա Իրանի դէմ որեւէ քայլի պատրաստ է»:
- 0 Comments
- 52 views
- Tweet
Email
Print




