Thursday Jun 20, 2013

Սպիտակ Տունը Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Երկրաշարժի Հետեւանքներուն Դարմանման Համար Իրանի Օժանդակելու

By adminx - Tue Aug 14, 7:25 am

Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են օժանդակելու Իրանին, որուն շաբաթ օր հարուածեցին երկու երկրաշարժներ:

Սպիտակ տունը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ «ամերիկացի ժողովուրդը հիւսիսարեւմտեան Իրանի մէջ տեղի ունեցած ողբերգական երկրաշարժին պատճառով արձանագրուած զոհերուն համար իրանցի ժողովուրդին խորին ցաւակցութիւն կը յայտնէ»:

Հաղորդագրութիւնը կ՛աւելցնէ, որ «մենք պատրաստ ենք այս դժուար ժամանակին մէջ օժանդակութիւն տրամադրելու:

Մինչ այդ, «Vesti.ru» կայքէջը հաղորդեց, որ Իրան աւերիչ երկրաշարժի զոհերուն ի յիշատակ երկօրեայ սուգ յայտարարած է:

Զոհերուն թիւը արդէն շուրջ 300 է, իսկ վիրաւորներունը` 5000: Հիւանդանոցները լեցուած են, բազմաթիւ վիրաւորներու վիճակը ծանր է: 16 հազար մարդ անտուն մնացած է: Անոնց համար յատուկ վրանային ճամբարներ ստեղծուած են:

Փրկարարական աշխատանքները կիրակի օր դադրեցան, որովհետեւ, ըստ պաշտօնական հաղորդումին, փլատակներու տակ այլեւս ոեւէ մարդ չկայ:

Շաբաթ օր Իրանի Արեւելեան Ատրպատական նահանգին մէջ 6.2 ռիխթըր աստիճանի երկու երկրաշարժ եւ 50 յետցնցում արձանագրուած է: Աղէտէն վնասուած են շուրջ 110 բնակավայրներ, 6-ը` ամբողջութեամբ աւերուած էին: Աղէտի գօտիին մէջ ելեկտրականութիւն չկայ, հետեւանքներու վերացման համար քանի մը ամիս պիտի պահանջուի:

Միւս կողմէ, իրանեան «ԻՐԻՊնիուզ» կայքէջը հաղորդեց, որ Իրանի Վարզաղան քաղաքին մէջ երէկ 4.6 ռիխթըր աստիճանի նոր երկրաշարժ տեղի ունեցած է:

Թեհրանի երկրաբանութեան հիմնարկէն յայտնած են, որ երկրաշարժը տեղի ունեցած է տեղւոյն ժամանակ ժամը 6:26-ին: Նախնական տուեալներով զոհեր կամ աւեր չկայ:

 

Leave a Reply

Advertisement