Sunday May 19, 2013

Հինգ Պատճառներ, Որոնք Արգելք Պիտի Ըլլան Սուրիոյ Մէջ Ալեւի Պետութեան Մը Ստեղծումին

By adminx - Tue Aug 14, 5:40 am

ՃՈՇՈՒԱ ԼԱՆՏԻՍ

Ալեւիները՝ Միջերկրականի արաւեւլեան ափին

Ալեւիները պիտի փորձե՞ն անջատ ալեւի պետութիւն մը ստեղծել Սուրիոյ ծովեզերեայ լեռնաշղթային մէջ:

Սուրիական ընդդիմութեան դէմքերէն շատեր եւ բազմաթիւ լրագրողներ կը պնդեն, որ ալեւիները կը ծրագրեն նահանջել դէպի «ալեւիներու լեռներ»-ը` անջատ պետութիւն մը հիմնելու փորձ մը կատարելու համար: Այս պնդումները շատ համոզիչ չեն, եւ ստորեւ պիտի ներկայացնենք նման բեմագրութիւն մը անհաւանական նկատելու գլխաւոր հինգ պատճառները:

***

1. Ալեւիները դարեր շարունակ փորձած են դուրս գալ լեռներէն եւ մուտք գործել քաղաքները: Երբ ֆրանսացիները գրաւեցին Սուրիան 1920-ին, առաջին մարդահամարները ցոյց տուին սիւննիներու եւ ալեւիներու ազգագրական սուր տարանջատում. 200-է աւելի բնակիչ ունեցող ոչ մէկ գիւղի կամ աւանի մէջ ալեւիները եւ սիւննիները միատեղ ապրած են: Ծովեզերեայ քաղաքներուն` Լաթաքիոյ, Ճապլէի, Թարթուսի եւ Պանիասի մէջ կը բնակէին սիւննիներ, եւ կային քրիստոնեայ թաղեր, բայց չկային ալեւի թաղեր: Միայն Անտիոքի մէջ քաղաքաբնակ ալեւիներ կային, եւ այդ քաղաքը մայրաքաղաքն էր «Իսքենտերուն» (Ալեքսանտրեթ) կոչուած ինքնավար շրջանին, զոր ֆրանսացիները թուրքերուն յանձնեցին 1938-ին: 1940-ի վիճակագրութիւններուն մէջ միմիայն 400 ալեւիներ արձանագրուած էին որպէս Դամասկոսի բնակիչ: Օսմանեան ժամանակաշրջանի աւարտէն ի վեր ալեւիներու յստակ հոսք մը կար ծովեզերեայ լեռներէն դէպի քաղաքները: Ֆրանսացիները ծովեզերեայ շրջանին մէջ ինքնավար ալեւի պետութիւն-նահանգ մը ստեղծեցին եւ չափազանցեալ ձեւով զինուորագրեցին ալեւիներ. այս հանգամանքները յաւելեալ թափ տուին լեռներէն դէպի ծովեզերեայ քաղաքներ ալեւիներու հոսքին, ինչպէս նաեւ` ալեւիներու քաղաքայնացման ու Սուրիոյ քաղաքներու բազմահամայնքային դարձնելու գործընթացներուն: Ասատական Սուրիան ա՛լ աւելի արագացուց ալեւիներուն քաղաքայնացումը, երբ համալսարանական ուսումը դարձուց անվճար բոլորին, եւ աննախընթացօրէն հաւասար առիթ ընծայեց բոլոր սուրիացիներուն` ստանձնելու պետական պաշտօններ նախարարութիւններուն ու պետական այլ հաստատութիւններու մէջ:

Հաֆէզ Ասատ եւ իր ընտանիքը

2. Հաֆեզ Ասատ կը ծրագրէր լուծել միջհամայնքային զգայնութիւնները` ալեւիները Սուրիոյ միւս հատուածներուն մէջ համարկելով որպէս «իսլամներ»: Ան նաեւ պաասական գաղափարախօսութեան բերմամբ յառաջ կը քշէր աշխարհիկ պետութեան ծրագիրը եւ անխոնջ աշխատեցաւ ջնջելու ամէն աւանդութիւն եւ սովորութիւն, որ անջատ ալեւի ինքնութեան եւ դիմագիծ ստեղծելու ազդակ կը նկատուէր: Հաֆեզ Ասատ թոյլ չտուաւ ստեղծել պաշտօնապէս ալեւի համայնքային հաստատութիւններ, որոնք կրնային պահպանել ու պաշտպանել ալեւի մշակոյթը, սովորութիւնները, դաւանանքը կամ առհասարակ անոնց իւրայատկութիւնը: Հայր եւ որդի Ասատները ոչ միայն չէին ծրագրեր ալեւի պետութիւն մը ստեղծել, այլ գործեցին հակառակ ուղղութեամբ` ամէն ճիգ ի գործ դնելով ջնջելու ալեւիներու իւրայատկութիւնը եւ զանոնք համարկելու ընդհանուր իսլամ կրօնին ու աշխարհիկ պետութեան մէջ: Շատեր Պաշշար Ասատի սիւննի իսլամի մը հետ ամուսնութիւնը դիտեցին ա՛յս տեսանկիւնէն` միացեալ ազգ մը կերտելու տեսլականէն եւ համարկումի օրինակ դառնալու պարտականութենէն, աշխարհիկ ու միասնական Սուրիա մը ստեղծելու նախանձախնդրութենէն:

3. Ասատ ոչինչ ըրաւ անջատ ալեւի պետութեան ստեղծումին համար ենթահող պատրաստելու. ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ ոչ մէկ անջատ պետական ենթակառոյց կայ, եւ մանաւանդ` պետութիւն մը կանգուն պահելու անհրաժեշտ կառոյց. ոչ մէկ միջազգային օդակայան, ելեկտրականութիւն արտադրող գործարան, նշանակալից ճարտարարուեստ, ոչինչ, որ անհրաժեշտ է անջատ ազգային տնտեսութիւն ստեղծելու:

4. Ոչ մէկ պետութիւն պիտի ճանչնայ անջատ ալեւի պետութիւն մը:

5. Ամէնէն կարեւորը այն է, որ ալեւի պետութիւն մը անպաշտպանելի պիտի ըլլայ: Վարչակարգի տապալումի պարագային ալեւի զինուորները կրնան նահանջել դէպի լեռները, բայց որքա՞ն պիտի մնան հոն: Դամասկոսի մէջ հաստատուող իշխանութիւնը պիտի ունենայ կեդրոնական պետական համակարգի լծակները, պիտի միաւորէ ընդդիմութեան միլիսները եւ շատ շուտ պիտի յաղթահարէ ամէն դիմադրութիւն: Պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ան, որ տիրած է Դամասկոսին, տիրած է նաեւ ամբողջ Սուրիոյ: Այս պարագային, նոր իշխանութիւնը պիտի ունենայ վերոյիշեալ առաւելութիւնը, բայց նաեւ պիտի ունենայ դրամը, օրինականութիւնը եւ միջազգային նեցուկը: Ան նաեւ պիտի անդրադառնայ, որ իր նորակազմ իշխանութիւնն ու անոր պետութիւնը չեն կրնար գոյատեւել առանց ծովեզերքի, եւ առանց Թարթուսի ու Լաթաքիոյ նաւահանգիստներուն: Չմոռնանք, որ մինչեւ օրս բոլոր ծովեզերեայ քաղաքներու բնակչութեանց մեծամասնութիւնը կը մնայ սիւննի:

 

«Եուրէյժիա Ռիվիու»

Leave a Reply

Advertisement