Sunday May 19, 2013

Երիտասարդական Պրիսմակ. Պանք Օթոմանի Անժամանցելի Դասերէն (14 Օգոստոս, 1896)

By adminx - Tue Aug 14, 5:38 am

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Թէեւ ժամանակի, պայմաններու, աշխարհագրական վայրի եւ ընդհանրապէս կատարուած արարքին` Պանք Օթոմանի գրաւումին, նպատակային հասկացողութիւնները կը կրէին օրուան շունչն ու ոգին, այդուհանդերձ,  քաջութեամբ եւ յանդգնութեամբ յատկանշուող այս եզակի դաշնակցական աքթին էատարրերը անժամանցելի են իրենց բացարձակ իրաւութեամբ:

Յայտնապէս, նման պանծալի արարք մը` սերունդէ սերունդ շաղկապուող եւ հայոց պատմութեան մէջ անջնջելիօրէն դրոշմուած, հայաշունչ եւ մարդկային առաքինութեամբ պսպղուն դիմագիծ կը կրէ անպայման:

Այս առումով հարկ կա՞յ վերյիշեցման կարգով անգամ մը եւս կրկնելու ու բազմիցս յիշատակելու վեհափառ այս գործողութեան նուիրական  հնչեղութիւնը, որով կը պարծենանք հաւաքաբար:

Պանք Օթոմանի սխրանքը մէկն է ոգեշնչող եւ սիրտերը թնդացնող երեւոյթներէն, որոնք կը յատկանշուին հաւատամքի խորութեամբ, հայրենասիրութեամբ, զոհողութեամբ, արիութեամբ ու մանաւա՛նդ նախաձեռնողի գիտակցական ընծայումով:

Ինչպիսի՛ կազմաւորումի եւ յեղափոխական տրամաբանութեամբ զրահաւորուած երիտասարդական փաղանգներ էին անոնք, որոնք մտածելէ եւ իրագործելէ ետք օրուան հրամայականը, յայտնապէս կը դառնային հետագայ սերունդներու ներշնչման աղբիւրն ու կենդանի վկաները:

Փաստօրէն, երբ համիտեան ջարդերու եւ թշնամական անասելի վերաբերումներու թիրախ էր դարձած ամբողջ Արեւմտահայութիւնը, ծնունդ կ՛առնէր երիտասարդական փաղանգ մը` յանձին Բաբգէն Սիւնիի, Արմէն Գարոյի, Հրաչ Թիրիաքեանի, Վարդան Շահպազի, մշեցի Միսաքի, Խաչիկ Գնունիի, Արտաշէս Անդրէասեանի, Արտաշէս Միսաքեանի եւ բազում գաղափարանուէր հերոսներու, որոնք պատուհասը դարձան թրքութեան եւ վրիժառական իրենց արարքով քանդեցին ստրկութեան ու համակերպումի ամէն տրամադրութիւն, որ դարեր շարունակ արմատ էր նետած հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ:

Նման հրաշափառ տղոց ներկայութիւնն ու համախմբումը սոսկ պատահականութիւն չէր երբե՛ք, այլեւ` հայկական յեղափոխութեան զարթօնքին  վաւերական  արտայայտութիւնը հանդիսացող Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ազգային, գաղափարական, քաղաքական ու ազատագրական ձգտումներուն ջերմութիւնն էր առհասարակ, որով կլանուեցան իրերայաջորդ սերունդներ:

Իրօք, նման սերունդի մը բացառիկ տիպարներէն էր Բաբգէն Սիւնի (Բաբգէն Փարեան), որ կը յատկանշուէր իր ժուժկալութեամբ, կարգապահի, հայրենասէրի  եւ գաղափարականի հասունութեամբ:

Անոր մարդկային եւ դաշնակցականի բարեմասնութիւնները առիթ էին տուած դառնալու Պոլսոյ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ եւ  գնահատանքի արժանացած` իր շրջապատին կողմէ:

Ճիշդ է, որ Բաբգէն Սիւնի կը մտայղանար Պանք Օթոմանի գրաւումի ծրագիրը եւ կը դառնար անոր իրականացման ամէնէն ճարտար ազատամարտիկը, այդուամենայնիւ, իրեն աջակից կը գտնէր նաեւ Յ. Եուսուֆեանի, Ա. Վռամեանի եւ Արմէն Գարոյի նման այլ յեղափոխական տիտաններ:

Ճիշդ է նաեւ այն իրողութիւնը, որ ամիսներ խլող տքնաջան աշխատանքի, կազմակերպումի եւ պատրաստութեան դէմ յանդիման գտնուեցան թուլամորթ եւ վեհերոտ անձեր, որոնք թէեւ  երդուած էին մասնակից դառնալ գործողութեան, սակայն մետասաներորդ պահուն փախուստ տուին, բայց եւ այնպէս շնորհիւ Բաբգէն Սիւնի մեծութիւններու, պայծառ առաւօտ մը օգոստոսի 14-ին, խումբ մը դաշնակցական անձնուէր տղաք կը գրաւեն Օսմանեան ժամանակի ամէնէն նշանակալից դրամատունը եւ իրենց հսկողութեան տակ կը պահեն զայն: Տղաքը ունէին պահանջներ, յայտնապէս ուղղուած ատենի եւրոպական երկիրներուն, որոնք աջակից էին համիտեան ջարդերուն` գէթ իրենց լռութեամբ, եւ այս արարքով կը փաստէին նաեւ հայոց մարտական ուժի կարողութիւնն ու դատի համար կեանքեր իսկ զոհելու պատրաստակամութիւնը:

Դաշնակցական պատմագրութիւնը լիարժէքօրէն արձանագրած է արարքին մանրամասնութիւնները, վեհութիւնն ու անոր առանձնակի  կարեւորութիւնը, սակայն սոսկ պատմութեան էջերուն մէջ չէ պահած այդ բոլորը:

Անմիջականօրէն եւ վաւերական դրսեւորումով մը Պանք Օթոմանի գործողութեան ընդմէջէն այսօր մեզի կը ներկայանայ, աւանդի մը նուիրական հնչեղութեան առընթեր, դաշնակցական արժեհամակարգին մաս կազմող տարրեր, որոնց կենսագործումին նպաստեցին Բաբգէն սիւնիներու նման հերոսներ` իրենց նախաձեռնութեան ոգիով, ժուժկալ եւ աչալուրջ հսկողի կազմաւորումով, քաջութեամբ, անմնացորդ նուիրուելու հոգեկանութեամբ, ազատասէրի ու յեղափոխականի եզակի օրինակով, քաղաքական հոտառութեամբ եւ գաղափարականի բարձր պատրաստուածութեամբ:

Մատնանշումին ամէնէն ուժական արտայայտութիւնը նոյնինքն անոր նահատակութիւն է դրամատուն ներխուժումին ատեն, ապա անոր թողած կտակը` գործը շարունակելու դաշնակցականի երդումին տիրութիւն ընելու:

Այս առումով յիշատակելի են նաեւ օսմանեան դրամատան գրաւումին առընթեր Սամաթիոյ շրջանի մէջ կատարուած հերոսական կռիւները` յանձին Խաչիկ Գնունիի եւ ընկերներուն, որոնց վիճակուած էր դիմադրութիւն թշնամի զօրքերուն, որոնք պիտի սեղմէին դրամատան շուրջ բանակի օղակը: Այս նուիրեալներու նահատակութեամբ արդէն սկիզբ կը դրուէր նաեւ ազատագրական պայքարի նոր հանգրուանի մը, որով պիտի կարենային իր որջին մէջ անգամ սաստել թուրք զազրութիւնը:

Սփիւռքի, վերանկախացած հայրենիքի թէ հերոսական Արցախի մէջ այսօր արդեօք ժամանակը չէ՞ հասած հայ ժողովուրդին կեանքին մաս կազմող քաջարի այս ու նման արարքներուն  համահայկականօրէն ոգեկոչման ու ըստ արժանւոյն գնահատման` հանդիսաւորապէս:

Արդեօք նման ու այլ հերոսութիւններու փայլքը մեզի` հաւաքաբար պիտի չսատարե՞ն` աւելիով կառչած մնալու հայրենի հողին, ազգային արժանապատուութեան թէ իրաւունքի պաշտպանութեան: Միւս կողմէ, մերձաւոր արեւելեան սփիւռքի ապրած դաժան օրերու իրադրութեան  մէջ նման քաջարի տղոց փոխանցած կամքի ու տոկունութեան օրինակը պիտի չօժանդակե՞ն, որպէսզի խիզախութեամբ դիմագրաւենք պարտադրուած վիճակներն ու քաղաքական անդոհանքները` պահելու համար մեր ժողովուրդի անվտանգութիւնն ու բարօրութիւնը:

Ազգային յիշողութեան մեր շտեմարանը պարարտ է սխրանքներու եւ նուիրաբերումներու հնչեղութեամբ, ականջալուր մնանք անոնց թելադրութեան եւ անկէ փոխանցուող անժամանցելի դասերուն:

 

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement