2015. Այդ Վաղն Է, Կամ Արդէն` Երէկ
By adminx - Tue Aug 14, 5:36 am
- 0 Comments
- 31 views
- Tweet
Email
Print
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Շուրջ հազար օրեր կը բաժնեն մեզ 24 ապրիլ 2015-էն:
Երբեմն, երբեմն յաճախ, հաշուեկշիռ ընելու ազնիւ յանդգնութիւն եւ իմաստութիւն պէտք է ունենալ` տեղական-տեղայնական անձեր եւ խմբակներ զուարճացնող յաջողութիւն համարուած իրարանցումներէ վեր բարձրանալով: Ժողովներ կը գումարուին, բարձրագոյն մակարդակով, այդպէս է ընդունուած գօտեպնդելու կոչուած հռետորական պատկերը, որպէսզի կրկին պոռանք եւ բողոքենք հայոց կրած ցեղասպանութեան անպատիժ մնացող ոճիրին դէմ:
1.- Մարդկութեան դէմ ոճիր. մէկուկէս միլիոն զոհեր: Դէպքը կոչեցէ՛ք` ինչպէս որ կ’ուզէք: Ինչպէս որ ուրիշներ կ’ուզեն: Խարանի պէս ցաւ մը: ԴԱՏի հարկ է դիմել, քարոզչութենէ անդին, մերժելով ՕՐԷՆՔԸ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀՊԱՏԱԿԵՑՆԵԼՈՒ ԱՆԲԱՐՈՅՈՒԹԻՒՆԸ: Այս կ’ըլլայ մեր ազգի կարեւորագոյն նախաձեռնութիւնը 1915-էն ի վեր: Այս արդէն ճշմարտութեան հաստատման եւ իրաւունքի ճանաչման ճանապարհին վրայ այլ որակի նուաճում կ’ըլլայ: Ոճիր կայ, հետեւաբար ոճրագործ կայ, եւ անպայման իրաւասու դատարան մը կը գտնուի տեղ մը, ուր ոճրագործը կը դատուի եւ համապատասխան ՎՃԻՌ կ’արձակուի:
2.- Երբ համաձայնութիւններ եւ դաշնագրեր չեն յարգուիր, պետութիւններ, ընկերութիւններ եւ անհատներ կը դիմեն յատուկ դատարաններու: 1920-ին, ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ պետութեան մասնակցութեամբ, յարգելի պետութիւններ ԴԱՇՆԱԳԻՐ ՍՏՈՐԱԳՐԱԾ ԵՆ ԵՒ ՉԵՆ ՅԱՐԳԱԾ: Օրէնքը ըլլալով գերիվեր այլ նկատումներէ, այդպէս ըսուած եւ կ’ըսուի, անոնց դէմ դատի պէտք է դիմել: Խօսքը կը վերաբերի Սեւրի դաշնագրին: Ոչ մէկ պարագայի անվաւեր չէ հռչակուած այդ դաշնագիրը: Հետեւելով անոր տրամադրութիւններուն` Օսմանեան կայսրութեան փլուզման վաղորդայնին ստեղծուած են պետութիւններ եւ գտած են միջազգային ճանաչում, ինչպէս` արաբական երկիրները: Այդ դաշնագիրը ստորագրող պետութիւնները ՉԵՆ ՅԱՐԳԱԾ միջազգային դաշնագրի մը տակ դրուած իրենց ստորագրութիւնը: Պետական մակարդակով` միջազգային վատութիւն մը: Մերժելով ՕՐԷՆՔԸ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀՊԱՏԱԿԵՑՆԵԼՈՒ ԱՆԲԱՐՈՅՈՒԹԻՒՆԸ, Պաղ պատերազմի կամ այլ, անպայման տեղ մը դատարան մը կայ, պետութիւններու խուսանաւումներէն անդին, ուր օրէնքի գերակայութիւնը կարելի կ’ըլլայ պաշտպանել:
3.- Միջազգային հանրային կարծիքի եւ մտաւորականութեան աջակցութիւնը ապահովելու համար, քաղաքական նախաձեռնութիւններու կողքին, եւ անոնց իսկական միջուկ տալու համար, չենք օգտագործեր ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԿՈՐՈՒՍՏԻ ազդակը, որ գրեթէ խոպան դաշտ է: ՄՇԱԿՈՒԹԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒՍ ՈՃԻՐ Է: Ան գործուած է հայոց դէմ: Եւ այսօր կը շարունակուի: Այս մասին պատահական յիշեցումներ կ’ըլլան: Եթէ, ինչպէս կ’ըսուի եւ գիտենք, վեցէն ութ հարիւր հայ մտաւորականներու փաղանգը անհետ կորսուեցաւ ցեղասպանութիւն տարազով ըմբռնուող աղէտին մէջ: Օսմանեան լուծի տակ գտնուող 2.100.000 հայերու 600 կամ 800 մտաւորականները զոհ գացին մեծ ոճիրին: Անոր տարողութիւնը բաւարար չափով չ’ընդգծուիր: Եթէ երեքի կանոնով համեմատութիւն մը ընենք Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու, Եգիպտոսի եւ Չինաստանի հետ, պատկերը աւելի յստակ կ’ըլլայ: Ֆրանսայի պարագային այդ կորուստը պիտի ըլլար … 19.000, Միացեալ Նահանգներու պարագային` 95.000, Չինաստանի եւ Հնդկաստանի համեմատութիւնները թող բարի կամեցողութիւնը ընթերցողը ինք ընէ: Եթէ Ամերիկան կորսնցնէ 95.000 մտաւորականներ, Far West-ի կրակոցներու ժապաւէններու շրջանը կը վերադառնանք:
Մշակութային այս աղէտը հոս կանգ չ’առներ: Եթէ նահատակ գրողներու տարիքը նկատի ունենանք, օրինակ` Դանիէլ Վարուժանը, Ռուբէն Սեւակը, Սիամանթոն, եւ անոնց ստեղծագործական ապրած եւ ապրելիք տարիները, ինչպէս Վիքթոր Հիւկոյի (մեռած 83 տարեկանին), որուն ստեղծագործական կեանքը եղած է աւելի քան 60 տարի, քանի՞ տարի կրցած են ստեղծագործել նահատակ գրողները: Այդ ստեղծագործական տարիներուն դէմ գործուած ոճիրը եւս ոճիր է: Աշխարհի մտաւորականութեան պէտք է ներկայանալ այս աւերածութեան պատկերով: Իսկ անոր այդպէս ներկայանալու համար բեմէ ըսուած սրտայոյզ երկու խօսքը բաւարար չէ, բան չի նշանակեր, տեղ չի հասցներ: Չկա՞ն մշակութային միութիւններ, մշակոյթի նախարարութիւն, մեկենասներ, որ կարելի դարձնեն ԲԱԶՄԱԼԵԶՈՒ ԵՒ ՈՐԱԿԱՒՈՐ ԾԱՂԿԱՔԱՂԻ մը հրատարակութիւնը` մեծ հրատարակչատան մը միջոցով:
Նման տարողութեամբ աշխատանք անշրջանցելի եւ նոր կացութիւն կը ստեղծէ: 2015-ի մեծագոյն իրականացումը կ’ըլլայ այդ, Ամերիկայի նախագահի սպասուած ճանաչումէն, մեր բազմերանգ ցոյցերէն, տարբեր երկիրներու Անծանօթ զինուորի տապանաքարի բոցի արծարծումէն, նոյնիսկ դէպի Ծիծեռնակաբերդ հոգեպարար քայլարշաւէն աւելի:
Իսկ եթէ 2015-ը պիտի ըլլայ կրկնութիւնը 99-ի, կամ 101-ին պիտի ընենք նոյնը, պէտք չէ ակնկալել, որ միջազգային մտաւորականութիւնը յանկարծ կը խանդավառուի հայոց ողբով կամ իրաւունքով:
Ո՞ւր դիմել, որ յանկերգներէ եւ կարգախօսներէ անդին, ապագայի ապագայակերտ յաջողութիւններու նախաձեռնութիւններու ծրագրումները կատարուին:
Գիւղի ցեխոտ ճամբուն վրայ կառքի անիւներու փորած հետքէն դուրս պիտի գա՞նք…
14 յունիս 2012
- 0 Comments
- 31 views
- Tweet
Email
Print



