Փոքրամասնութիւններու Կալուածները Վերադարձնելու Խնդիրը. Դիմելու Ժամկէտը Կը Լրանայ 27 Օգոստոսին, Սակայն Ցարդ Միայն 42 Հիմնարկներ Դիմեցին
By adminx - Mon Aug 13, 7:55 am
- 0 Comments
- 91 views
- Tweet
Email
Print
«Մարմարա» կը գրէ, որ Պուրճու Չալըք «Սապահ»-ի մէջ կը տեղեկացնէ, որ հակառակ անոր որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի նախաձեռնութեամբ ընդունուած վաքըֆներու նոր օրէնքի համաձայն պիտի վերադարձուէին փոքրամասնութիւններու 76 տարի առաջ բռնագրաւուած կալուածները, փոքրամասնութիւններէ սպասուած դիմումը տակաւին չէ կատարուած:
Բռնագրաւուած կալուածները վերադարձնելու նպատակով կատարելի դիմումներուն համար վերջին ժամկէտն է 27 օգոստոսը, եւ այլեւս քիչ ժամանակ մնացած է, որպէսզի ժամկէտը աւարտի, բայց կանոնագրութեան հրատարակութեան օրէն ասդին փոքրամասնական 165 հիմնարկներէն միայն 42-ը դիմեց կալուած ետ պահանջելու համար:
Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը կը կարծէր, որ մօտաւորապէս 500 անշարժ կալուածներու համար դիմում պիտի կատարուի, բայց մինչեւ այսօր դիմում կատարուած է միայն 218 կալուածներու համար: Վաքըֆներու խորհուրդը ցարդ 69 կալուածներու մասին որոշում ընդունեց:
- 0 Comments
- 91 views
- Tweet
Email
Print



