Սլէյման Ռիֆիի Եւ Հասանի Հետ Քննարկեց Սըմահայի Հարցով Հետաքննութեան Մանրամասնութիւնները
By adminx - Mon Aug 13, 7:49 am
- 0 Comments
- 29 views
- Tweet
Email
Print
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման յայտնեց, որ նախորդ քանի մը օրուան ընթացքին Լիբանանի մէջ տիրած կացութիւնը վախազդու էր եւ մտահոգիչ` նկատի ունենալով, որ ընթացքի մէջ էին ամբողջ երկիրը պայթեցնելու եւ լիբանանցիներուն միջեւ սադրանքներ նիւթելու նախապատրաստական աշխատանքներ:
Պէյթէտտինի մէջ նախագահ Սլէյման ընդունեց ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆին եւ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի նախագահ Ուիսամ Հասանը, որոնց աշխատանքն ու ջանքերը դրուատեց` պայթուցիկ նիւթերն ու ականները գրաւելու եւ Լիբանանը պայթումներէ ու սադրանքներէ զերծ պահելու առումով:
Նախագահ Սլէյման Ռիֆիէն եւ Հասանէն տեղեկացաւ նախկին նախարար Միշել Սըմահայի ձերբակալման հարցով հետաքննութեան մանրամասնութիւններուն մասին եւ շեշտեց, որ անհրաժեշտ է դատական հետապնդումներուն մէջ կիրարկել օրինական բարձր չափանիշերը:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ նախկին փոխվարչապետ Իսամ Ապու Ժամրան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Նախագահ Սլէյմանի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին երեսփոխան Սամիր Ազար, ինչպէս նաեւ Իքլիմ Խարրուպի Ազգային խորհուրդն եւ Զհալթայի ու Քֆարքաթրայի քաղաքապետական խորհուրդներու պատուիրակութիւնները:
Նշենք, որ նախագահ Սլէյման այսօր պիտի ընդունի նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորան, որ Հանրապետութեան նախագահին պիտի փոխանցէ Ազգային երկխօսութեան նիստին Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն մասնակցութեան առումով վերջին կեցուածքը:
- 0 Comments
- 29 views
- Tweet
Email
Print




