Ժոմպլաթ. «Կարելի Չէ Շարունակել «Բանակ, Ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» Մութ Կարգախօսով»
By adminx - Mon Aug 13, 7:48 am
- 0 Comments
- 34 views
- Tweet
Email
Print
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Շուֆի մէջ սարքուած ռամատանեան իֆթարի մը ընթացքին շեշտեց, որ կարելի չէ «բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» մութ կարգախօսին հիման վրայ շարունակել այս մութ քաղաքական դաշինքը` պետութեան, բանակին, ապահովութեան եւ տնտեսութեան հաշուոյն:
Ժոմպլաթ ընդգծեց, որ ներկայ կառավարութեան միակ նուաճումը նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի եւ անոր ընկերակիցներուն սպանութեան յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումն էր:
Ընտրական օրէնքին անդրադառնալով` Ժոմպլաթ յայտնեց, որ եթէ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերէն ոմանք կամ բոլորը յաղթանակ արձանագրեն, ապա կարելի չէ ըսել, որ միջին քաղաքական կեցուածքներ ճշդելու կարելիութիւն կը մնայ: Ան նշեց, որ այդ պարագային երկրին պատերազմի կամ խաղաղութեան որոշումը մնայուն կերպով իրանեան առանցքին եւ սուրիական վարչակարգի մնացորդացին մօտ պիտի գտնուի, իսկ երկրին ապահովութիւնը բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն վստահելու եւ դատական արդար իշխանութիւններ, օրէնքի պետութիւն կամ անկախ բանակ ու նախագահ ունենալու առիթները պիտի չքանան:
Սուրիոյ մէջ տիրող կացութեան անդրադառնալով` Ժոմպլաթ հաստատեց, որ սուրիական վարչակարգին վայրագութիւնն ու բռնարարքները շրջանցած են մոնկոլ թաթարներու ժամանակաշրջանին Հուլակուխանի վայրագութիւնները:
Միւս կողմէ, Ժոմպլաթ շաբաթավերջին Մուխթարայի մէջ ընդունեց ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆին եւ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն Ուիսամ Հասանը:
- 0 Comments
- 34 views
- Tweet
Email
Print



