Sunday May 26, 2013

Ռայի Պատրիարքը Այսօր Կ՛այցելէ Աքքար

By adminx - Mon Aug 13, 7:42 am

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը  այսօր առաւօտեան կը սկսի Աքքար կատարելիք իր հովուապետական այցելութիւնը, որ պիտի տեւէ մինչեւ 16 օգոստոս:

Այս առիթով լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի Ռայի պատրիարքին հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին անոր ներկայացուց Աքքարի մէջ անոր ապահովութիւնը պաշտպանելու համար բանակին որդեգրած միջոցառումներուն մանրամասնութիւնները:

Իր կարգին, Ռայի պատրիարքը իր զօրակցութիւնը յայտնեց լիբանանեան բանակին, յատկապէս վերջինիս դէմ կատարուած ցեխարձակումը դատապարտելու առումով:

Միւս կողմէ, ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել հաստատեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերը Ռայի պատրիարքին այցելութեան առիթով ապահովական բոլոր միջոցառումները որդեգրած են Աքքարի մէջ:

Ան աւելցուց, որ Ռայի պատրիարքին այցելութիւնը բոլորին կողմէ ողջունելի է:

Նշենք, որ քառօրեայ այս այցելութեան ընթացքին Ռայի պատրիարքը պիտի այցելէ Ապտէի, Հալպայի, Քըպէյեաթի, Մունժեզի, Պաքարզալայի ու Աքքարի տարբեր գիւղաքաղաքները եւ պատարագներ պիտի մատուցէ շրջանին մէջ գտնուող մարոնի համայնքին պատկանող եկեղեցիներուն մէջ:

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement