Tuesday May 21, 2013

Քրտական Աշխատաւորական Կուսակցութիւնը Կը Ցնցէ Թուրքիան` Առեւանգելով Թուրք Երեսփոխան Մը

By adminx - Mon Aug 13, 7:31 am

Հիւսէյն Այկիւն

Թուրքիոյ Թունճելի (Տերսիմ) նահանգին մէջ քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը երէկ երեկոյեան առեւանգած է Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան Թունճելիէն ընտրուած երեսփոխան Հիւսէյն Այկիւնը:

Ըստ թրքական «Միլլիյեթ» օրաթերթի, թուրք երեսփոխանը Թունճելիի Օվաճըքի շրջանէն «Աքշամ» օրաթերթի լրագրողի մը եւ ուրիշ անձի մը հետ ինքնաշարժով վերադարձած է Թունճելի:

Այս ընթացքին ճամբուն վրայ ինքնաշարժները կանգնեցնող եւ ինքնութիւն հարցնող քիւրտ զինեալները ինքնաշարժէն իջեցուցած են երեսփոխանը եւ իրենց հետ լեռները տարած:

Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան կողմէ թուրք երեսփոխանին առեւանգման լուրը ցնցած է Թուրքիան:

Leave a Reply

Advertisement