Thursday May 23, 2013

Երկու Երկրաշարժներ Ցնցեցին Իրանը Կան Աւելի Քան 300 Զոհեր Եւ 2000 Վիրաւորներ

By adminx - Mon Aug 13, 7:31 am

Փրկարար աշխատանքներ` Թաւրիզի մէջ

6.4 եւ 6.3 ռիխթըր աստիճանի ուժգնութեամբ երկու երկրաշարժներ շաբաթ օր ցնցեցին Իրանի Ատրպատական շրջանի Թաւրիզ եւ Ահար քաղաքները: Երկրաշարժներուն յաջորդեցին տասնեակ մը յետցնցումներ:

Երկրաշարժները պատճառեցին աւելի քան 300 զոհեր, շուրջ 2000 ուրիշներ վիրաւորուեցան: Երկրաշարժներուն պատճառով աւելի քան 100 գիւղեր կրեցին նիւթական ծանր վնասներ:

Տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիներ մնացին անպատսպար: Մինչ մարդասիրական կազմակերպութիւններ փութացին վերապրողներուն տրամադրելու սննդամթերք, ըմպելի ջուր եւ վրաններ:

Կիրակի ուշ երեկոյեան, Իրանի ներքին գործոց փոխնախարար Հասան Ղատամի յայտարարեց, որ փրկարար աշխատանքները աւարտած են, եւ թէ բոլոր քաղաքացիները դուրս բերուած են փլատակներէն: «Բոլոր քաղաքացիները դուրս բերուած են փլատակներէն, այս պահուն մենք կը կատարենք երկրաշարժէն տուժածներուն օժանդակութիւն հասցնելու աշխատանքները», ըսաւ Ղատամի:

Նշենք, որ Իրանի դրացի երկիրներ, որոնց կարգին նաեւ Թուրքիա, պատրաստակամութիւն յայտնեցին փրկարար խումբեր եւ մարդասիրական օգնութիւններ ուղարկելու Իրան:

Նշենք նաեւ, որ հայաստանեան լրատու գործակալութիւններու համաձայն, իրանահայ գաղութը չէ կրած ծանր վնասներ: Երկրաշարժները զգալի դարձած են Հայաստանի եւ Արցախի մէջ եւս:

Leave a Reply

Advertisement