Saturday May 25, 2013

ՀՅԴ Լիբանանի Երէց Պատանիները Սկսան Իրենց Տարեկան Բանակումին

By adminx - Mon Aug 13, 7:21 am

ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու անդամ կրտսեր պատանիներուն տարեկան հնգօրեայ բանակումին աւարտով, երէկ սկսաւ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու անդամ երէց պատանիներուն տարեկան բանակումը:

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններուն Ընդհանուր վարիչ մարմինին, երէկ կէսօրուան ժամը 1:00-ին, Այնճարի պատանեկան միութիւններու բանակավայրին մէջ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ կրտսեր պատանիներու տարեկան բանակումին:

Բանակումը կը կրէ Խանասորի արշաւանքի 115-ամեակի թեման, որուն մասին բացման արարողութեան ընթացքին խօսք առաւ պատանեկան միութիւններուն Ընդհանուր վարիչ մարմինի անդամ Լուսիկ Տէր Գալուստեան եւ բանակող պատանիներուն փոխանցեց Խանասորի արշաւանքին պատգամն ու խորհուրդը` պատանիներուն մաղթելով յաջող եւ ուրախ բանակում մը:

Իր կարգին, ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններուն Ընդհանուր վարիչ մարմինին մօտ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Զարեհ Պոյաճեան իր խօսքը ուղղելով պատանիներուն ըսաւ.

«Դուք քաջ գիտէք, որ դուք դատ ունեցող ժողովուրդի մը զաւակներն էք, դուք թոռներն էք այն պապիկներուն ու մամիկներուն, որոնք բռնի տեղահան եղան պապենական մեր հողերէն եւ աքսորի ճամբուն վրայ հրաշքով միայն ազատեցան թուրքին եաթաղանէն:

«Ձեր ազգային պատմութեան այս տխուր էջերը բնականաբար ձեզի մղած է միանալու ՀՅԴ պատանեկան միութիւններու շարքերուն, որպէսզի հոն թրծուիք իբրեւ դաշնակցականներ` մօտիկ ապագային ստանձնելու համար պայքարի այն ջահը, որ պիտի փոխանցուի սերունդէ սերունդ: ՀՅԴ-ի ճամբով հայութեան ծառայելու փաստն է` ձեր հոս ներկայութիւնը, եւ մենք հպարտութեամբ կ՛ըսենք բարեկամին ու թշնամիին. «Ասոնք են ՀՅԴաշնակցութեան ապագան եւ ի զուր չէ, որ Խանասորի արշաւանքէն 115 տարի ետք, Խանասորէն մղոններ հեռու, Այնճարի բանակավայրին մէջ կու գան 145 պատանիներ կատարելու Խանասորի արշաւանքին նուիրուած բանակումը:

«Թող ամէն մարդ դիտէ ձեզ եւ իր քաղաքական ու ռազմավարական ապագային հաշիւները այդպէս ընէ:

«Սիրելի՛ պատանիներ, դուք եւ մենք լաւ գիտենք, որ ՀՅԴ-ի ճամբով հայ ժողովուրդին ծառայելու ճամբան երբեք դիւրին չէ եղած, դիւրին ալ չէ այսօր, ՀՅԴաշնակցութիւնը պարտաւոր է իր պայքարը ծաւալելու ամէն տեսակ մարզերու մէջ` մշակութային, տնտեսական, քաղաքական, ռազմավարական, եւ իբրեւ այդպիսին պէտք ունի բոլոր մարզերուն մէջ պայքարող մարտիկներու:

«Ձեզմէ իւրաքանչիւրը իր նկարագիրին համաձայն կրնայ ընտրել պայքարի այն դաշտը, ուր ինքզինք ճարտար կը գտնէ:

«Բայց պայքարի ո՛ր մարզն ալ ընտրէք,  ամէն բանէ առաջ պէտք է գիտնաք, որ դաշնակցականը պէտք է ըլլայ հնազանդ իր կազմակերպութեան որոշումներուն նկատմամբ եւ միեւնոյն ատեն մարտունակ:

«Մարտունակութիւնն ու հնազանդութիւնը մէկտեղող դաստիարակչական վայրն է բանակումը: Դուք պարտաւոր էք այս բանակումին ընթացքին դուք ձեզ դրսեւորելու դաշնակցական երկաթեայ կարգապահութեամբ եւ պողպատեայ մարտունակութեամբ»:

2012-ի ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու երէց պատանիներու տարեկան բանակումին կը մասնակցին 145 պատանիներ, որոնք բաժնուած են չորս խումբերու:

Խումբերը կը կրեն Խանասորի արշաւանքը կազմակերպած ղեկավարներուն եւ այդ արշաւանքին ընթացքին նահատակուած հերոսներուն անունները` «Նիկոլ Դուման», «Խանասորայ Վարդան», «Իշխան» եւ «Կարօ», իսկ չորս խումբերուն մաս կազմող պատանիները կը կրեն չորս գոյնի թի-շըրթներ` կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն եւ մոխրագոյն:

Նշենք, որ բանակումը կ՛աւարտի կիրակի, 19 օգոստոս 2012-ին:

Leave a Reply

Advertisement