Thursday May 16, 2013

Յաճախ Տրուող Հարցեր` Թուրքիայէն Հայկական Պահանջներուն Վերաբերեալ

By adminx - Mon Aug 13, 5:48 am

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

2015 թուականին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցի մօտեցումը շարք մը հիմնարար հարցերու տեղի կու տայ, մասնաւորապէս` Թուրքիայէն հայկական տարածքային պահանջներուն վերաբերեալ: Յառաջիկայ շաբաթներուն եւ ամիսներուն ընթացքին այս սիւնակով պիտի անդրադառնանք այդ հարցերուն` ներկայացնելով նման պահանջներու հիմնաւորումը եւ պատասխանելով յաճախ հնչող հարցումներու:

 

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ճի՞շդ է արդեօք, թէ Ցեղասպանութեան յանցագործութենէն բխող բոլոր պահանջները հարիւր տարի անց կը դառնան անվաւեր:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ո՛չ, ճիշդ չէ: 1968ի Նոյեմբեր 26-ին, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին կողմէ ընդունուած է «Համաձայնութիւն` պատերազմական յանցագործութիւններու եւ մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւններու նկատմամբ վաղեմութեան ժամկէտ չկիրարկելու շուրջ», որ կը ներառէ ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը: Սոյն համաձայնութեան առաջին յօդուածը կը յայտնէ, թէ «վաղեմութեան որեւէ ժամկէտ չի կիրարկուիր (այդ յանցագործութիւններուն նկատմամբ)® անկախ անոնց կատարման ժամանակէն»: Հետեւաբար, անկախ այն բանէն, թէ որքա՛ն ժամանակ անցած է, պատերազմական եւ մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւնները, ներառեալ` ցեղասպանութիւնը, տակաւին կրնան հետապնդուիլ օրէնքով: Այնուամենայնիւ, գործնական նկատառումներով` աւելի խոհեմութիւն կ՛ըլլայ նման յանցագործութիւններու համար, ըստ հնարաւորին, շուտ դիմել դատարան:

Հ.- Արդեօք անիրատես չէ՞ ակնկալել, որ հայերը երբեւէ պիտի վերստանան Արեւմտեան Հայաստանը:

Պ.- Պէտք չէ պատրանքներ տածել, թէ Թուրքիոյ ղեկավարները, իրենց յօժար կամքով, հայերուն թէկուզ մէկ թիզ հող կը յանձնեն. դեռ չենք խօսիր Արեւմտեան Հայաստանի ամբողջ տարածքին մասին: Տարածքներու խաղաղ փոխանցումը չափազանց հազուադէպ է միջազգային յարաբերութիւններու ծիրէն ներս: Շատ յաճախ հողը բռնի ուժով կը վերադարձուի: Քանի որ Հայաստանը,  ռազմական դիտանկիւնէ, աւելի հզօր չէ քան Թուրքիան, եւ չի սպասուիր, որ մօտ ապագային այդպիսին կը դառնայ, ապա հայերը ստիպուած են սպասելու չնախատեսուած զարգացումներու, որոնք կրնան տեղի ունենալ Թուրքիոյ մէջ եւ շուրջը, ինչպէս, օրինակ, քաղաքացիական պատերազմ, համաշխարհային կամ տարածաշրջանային հակամարտութիւն, յեղափոխութիւն, քրտական ընդհարումներ, բնական կամ միջուկային աղէտներ, որոնք կը յանգեցնեն իշխանական դատարկութեան եւ սահմաններու հնարաւոր փոփոխութիւններու` երկրագունդի այդ հատուածին մէջ: Նոյն ժամանակ, հայերը պէտք է վառ պահեն եւ սերունդէ սերունդ փոխանցեն իրենց հողային պահանջները, մինչեւ հասնի պատեհ պահը, երբ անոնք կարենան վերատիրանալ իրենց արդարացի իրաւունքներուն:

Միեւնոյն ատեն, հայերուն համար անխոհեմութիւն է նոյնիսկ նուազագոյն պահանջներ ներկայացնելը Թուրքիոյ: Քանի որ թուրք ղեկավարները չեն ցանկար տարածքային նոյնիսկ ամենաչնչին զիջումները կատարել, ապա անիմաստ է անոնց ըսել, թէ հայերը կը բաւարարուին միայն Արարատը կամ Անին վերադարձնելով: Հայերը պէտք է պահանջեն ոչ պակաս, քան` «Ծովէ ծով Հայաստանը»: Իրենց պահանջները նուազագոյնի հասցնելու փոխարէն` հայերը պէտք է պահաջեն առաւելագոյնը, որպէսզի իբրեւ արդիւնք` ստանան արդարօրէն իրենց պատկանող տարածքներուն գոնէ մէկ հատուածը: Ինչպէս բոլոր լաւ հայ գործարարները գիտեն, բանակցութիւնները երբե՛ք չեն սկսիր ամենացած գինէն:

Հ.- Եթէ Արեւմտեան Հայաստանը ազատագրուի, արդեօք բնակչութեան ճնշող մեծամասնութիւնը եւ ընտրուած պաշտօնեաները չե՞ն ըլլար քիւրտերը կամ թուրքերը` հայերը դարձնելով ազգային փոքրամասնութիւն իրենց սեփական հայրենիքին մէջ:

Պ.- Այո՛, այդպէս պիտի ըլլայ, եթէ Արեւմտեան Հայաստանը հայերուն յանձնուի այսօր: Այնուամենայնիւ, այդպիսի բան հաւանական չէ, որ պատահի ներկայիս: Ինչպէս նշուած է վերեւը, հայերը իրենց պատմական հողերը վերադարձնելու հնարաւորութիւն ունենալէ առաջ աղէտալի իրադարձութիւններ պէտք է տեղի ունենան երկրագունդի այդ հատուածին մէջ: Ոչ ոք գիտէ, թէ նման զարգացումներ ինչպիսի՛ ազդեցութիւն կրնան ունենալ տեղի բնակչութեան վրայ: Տարածաշրջանին մէջ չնախատեսուած հանգամանքներու արդիւնք եղող ժողովրդագրական փոփոխութիւնները պիտի որոշեն, թէ որքա՛ն քիւրտ, որքա՛ն թուրք կամ նոյնիսկ հայ պիտի մնայ այդ շրջանին մէջ: Պարզապէս կարելի չէ ենթադրել, որ սթաթիւս քոն յաւերժ անփոփոխ պիտի մնայ: Ուստի, կարելի չէ եզրակացնել, որ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ հայերը պիտի դառնան ազգային փոքրամասնութիւն:

Հ.- Եթէ օր մը Արեւմտեան Հայաստանը ազատագրուի, արդեօք հայերը կը ցանկա՞ն ձգել իրենց յարմարաւէտ տուները Արեւմուտքի մէջ եւ վերաբնակիլ այդ անհիւրընկալ տարածքներուն մէջ:

Պ.- Խնդիրը այստեղ հայերուն` իրենց պատմական հայրենիքին մէջ հաստատուելու իրաւունքին մասին է: Մէյ մը որ այդ տարածքները վերադարձուին, իւրաքանչիւր հայ ի՛նք կ՛որոշէ տեղափոխուելու հարցը: Ատիկա Թուրքիոյ գործը չէ: Արդեօք բոլոր հրեաները կ՛ապրի՞ն Իսրայէլի մէջ: Լիբանանցիներուն մեծ մասը, հայերու նման, կ՛ապրի իր հայրենիքէն դուրս, բայց արդեօք մարդիկ կասկածի տակ կը դնե՞ն Լիբանանի պետութեան գոյութիւնը: Երբ գեղեցիկ օր մը Արեւմտեան Հայաստանը ազատագրուի, ապա Մերձաւոր Արեւելքի շրջակայ երկիրները բնակող հայերուն մեծամասնութիւնը, հաւանաբար, պիտի ցանկայ տեղափոխուիլ այնտեղ: Սակայն խնդիր չկայ, եթէ աշխարհի բոլոր հայերը չմեկնին հայրենիք: Անոնք, որոնք պիտի մնան սփիւռքի մէջ, անշուշտ վճռական դեր պիտի խաղան նորաստեղծ երկրի տնտեսական եւ քաղաքական հզօրացման գործին մէջ, ինչպէս որ աշխարհասփիւռ հայերը ներկայիս կ՛օգնեն Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գտնուող իրենց հայրենակիցներուն:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Leave a Reply

Advertisement