Thursday May 23, 2013

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Դրամատնային Հաշիւ` Սուրիահայութեան Համար

By adminx - Sat Aug 11, 8:18 am

Հայաստանի նախագահ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Սերժ Սարգսեանի առաջարկով` հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահութիւնը որոշում տուած է ստեղծել առանձնացուած դրամատնային հաշիւ մը սուրիահայութեան օժանդակելու համար:

Հիմնադրամին վերահսկողութեան ներքեւ կուտակուած գումարները ամբողջութեամբ պիտի փոխանցուին Սուրիոյ մէջ հայ համայնքի ազգային իշխանութեան եւ այնտեղ ստեղծուած համակարգող մարմինին, որ ըստ նպատակայարմարութեան, պիտի բաշխէ զանոնք` ծագող խնդիրներուն աւելի արդիւնաւէտ լուծում տալու նպատակով:

Ստորեւ կը ներկայացնենք հաշիւին թիւը, որուն կարելի է գումար փոխանցել.

HSBC Bank Armenia
9, V. Sargsyan Str. Yerevan Armenia
SWIFT: MIDLAM22

ACC NO 001-002195-102(USD)
ACC NO 001-002195-104 (EUR)
ACC NO 001-002195-001 (AMD)

Leave a Reply

Advertisement