ՊԱՐՈՒՏ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՈՒԻԼԻԸՄԶՆ ՈՒ ՓԻԵԹՈՆԸ
By adminx - Sat Mar 05, 2:54 am
- 0 Comments
- 3 views
- Tweet
Email
Print
Հրաժարեալ կառավարութեան ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Զիատ Պարուտ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Մայքըլ Ուլիըմզը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հեռանկարները:
Հանդիպումէն ետք Ուիլիըմզ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կազմուելիք յաջորդ կառավարութիւնը պէտք է ներկայացնէ բոլոր լիբանանցիներուն ձգտումները, ինչպէս նաեւ յարգէ Լիբանանի կատարած միջազգային յանձնառութիւնները:
Ուիլիըմզ մաղթեց, որ լիբանանցիներուն քաղաքացիական անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը ըլլայ տիրական:
Պարուտի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոն. քննարկուեցան տեղական հարցերը, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Միւս կողմէ, «Տէյլի Սթար» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին Պարուտ յայտնեց, որ ինք կը գործակցի Միջազգային դատական ատեանին հետ, սակայն չի կրնար անոր յանձնել բոլոր լիբանանցիներուն մատնահետքերուն պատճէնները:
- 0 Comments
- 3 views
- Tweet
Email
Print




