ՀՅԴ-ն Պիտի Յստակացնէ Եւրասիական Միութեան Վերաբերեալ Իր Մօտեցումը
By adminx - Sat Aug 11, 7:56 am
- 0 Comments
- 128 views
- Tweet
Email
Print
ՀՅԴ-ի անդամ Արտաշէս Շահբազեան հայրենի «Առաւօտ» օրաթերթին հետեւեալ կարծիքը յայտնեց Եւրասիական միութեան վերաբերեալ. «Չափազանցուած բան մը կը տեսնեմ այդտեղ, դեռ յայտնի չէ, թէ ի՞նչ է ատիկա: Ռուսասէրներու եւ արեւմտասէրներու բաժանարար գիծ կը դառնայ այս հարցը, ոչ թէ` ի՞նչ պէտք է Հայաստանին»:
Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խորհրդարանական խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեանն ալ յստակացուց, որ քանի որ Եւրասիական միութեան անդամակցութեան հարցը օրակարգային կը դառնայ, կուսակցութեան մէջ ստեղծուած է աշխատանքային խմբակ մը, որ լրջօրէն կ՛ուսումնասիրէ այդ առիթով բոլոր կարելի զարգացումները, դրական եւ բացասական միտումները:
ՀՅԴ-ն այս հարցին վերաբերեալ իր քաղաքական մօտեցումը պիտի յստակացնէ միայն մասնագիտական վերլուծութենէ ետք:
- 0 Comments
- 128 views
- Tweet
Email
Print




