Wednesday Jun 19, 2013

Գիւմրիի Քաղաքապետական Ընտրութիւններուն Հինգ Թեկնածու Կ՛առաջադրուի

By adminx - Sat Aug 11, 7:55 am

ՀՅԴ-ի թեկնածու Յովսէփ Սիմոնեան

9 սեպտեմբերին Գիւմրիի մէջ տեղի ունենալիք քաղաքապետի ընտրութիւններուն համար մինչեւ այս պահը առաջադրուած են հինգ թեկնածուներ` Ազգային ժողովի պատգամաւոր Սամուէլ Բալասանեան` Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութենէն, Շիրակի մարզպետարանի ելեւմտական-տնտեսական վարչութեան պետի տեղակալ Յովսէփ Սիմոնեան` ՀՅԴ-էն, անկուսակցական, թոշակառու Սպարտակ Պետրոսեան, անկուսակցական, գործարար Անդրանիկ Աւետիսեան եւ անկուսակցական Ռաֆայէլ Ասատրեան:

Պետրոսեան, Աւետիսեան եւ Ասատրեան երէկ ներկայացուցին իրենց թեկնածութեան առաջադրման համար անհրաժեշտ փաստաթուղթերը, իսկ Բալասանեան եւ Սիմոնեան իրենց թեկնածութիւնները առաջադրած էին աւելի կանուխ:

Գիւմրիի գործող քաղաքապետ, հանրապետական Վարդան Ղուկասեան մինչեւ հիմա իր փաստաթուղթերը չէ ներկայացուցած թիւ 34 ընտրատարածքային յանձնախումբին:

Leave a Reply

Advertisement