Friday May 24, 2013

Համահայկական Կրթական 5-րդ Խորհրդաժողովը Սկսաւ

By adminx - Sat Aug 11, 7:53 am

Երէկ սկսաւ համահայկական կրթական 5-րդ համաժողովը: Անոր բացման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին խօսք առաւ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, որ ընթերցեց նախագահ Սերժ Սարգսեանի ուղերձը:

Նախագահ Սարգսեան իր ուղերձին մէջ նշեց, որ Հայաստան, իբրեւ համայն հայութեան հայրենիք, պարտք եւ պարտականութիւն ունի ոչ միայն իր քաղաքացիներուն, այլեւ աշխարհասփիւռ ամբողջ հայութեան նկատմամբ: Ան յայտնեց, որ հայոց պետականութեան վերականգնումով հայապահպանութեան խնդիրները աշխարհի մէջ դադրած են ըլլալ միայն սփիւռքի կազմակերպութիւններու մտահոգութիւնը: Անոնք բոլորին յանձնառութիւնն են: Ըստ նախագահ Սարգսեանի, հայոց լեզուի նահանջը որոշ գաղթօճախներու մէջ սրութիւն հաղորդած է մեր կրթական հիմնահարցերուն:

«Մենք խիստ կարեւոր կը նկատենք այսպիսի խորհրդաժողովներու կայացումը, ինչպէս նաեւ սփիւռքահայ կրթական հաստատութիւններուն հետ աշխատելու միւս` ոչ պակաս արդիւնաւէտ ձեւաչափերը: Մեր աջակցութիւնը պէտք է ըլլայ համակողմանի եւ անպայման նկատի առնէ տեղական առանձնայատկութիւնները, որոնք անխուսափելի են հայկական սփիւռքի բազմազանութեան եւ սփռուածութեան պարագային», ընդգծեց  նախագահ Սարգսեան իր ուղերձին մէջ:

Leave a Reply

Advertisement