Tuesday May 21, 2013

Հայաստանի Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Քրէական Դատավարութեան Նոր Օրէնսգիրքի Նախագիծին

By adminx - Sat Aug 11, 7:52 am

Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Հայաստանի կառավարութիւնը նախանցեալ օրուան իր նիստին ընթացքին հաւանութիւն տուաւ Քրէական դատավարութեան նոր օրէնսգիրքի նախագիծին:

«Նկատի առնելով, որ 1998 թուականին ընդունուած գործող օրէնսգիրքը կը կիրարկուի աւելի քան տասը տարիէ ի վեր, երբ երկրի հասարակական եւ քաղաքական կեանքին մէջ տեղի ունեցած են շարք մը իրադարձութիւններ, կառավարութիւնը անխուսափելի կը նկատէ քրէական գործերու քննութեան եւ լուծման հետ կապուած յարաբերութիւնները կանոնակարգող հիմնական իրաւական փաստաթուղթի փոփոխութիւնները», իր հաղորդագրութեան մէջ կը նշէ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը:

Նիստին ընթացքին հաւանութեան արժանացած օրէնսգիրքի նախագիծի ընդունումով կ՛ակնկալուի ամրապնդել մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան քրէադատավարական երաշխիքները, հաւասարակշռել հանրային եւ մասնաւոր շահերը, բարձրացնել դատարանի դերն ու նշանակութիւնը, քրէական դատավարութիւնը համապատասխանեցնել միջազգային չափանիշներուն եւ այլն:

Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան անհրաժեշտ նկատեց, որ ընդհանուր դատախազութիւնը, ոստիկանութիւնը եւ Կեդրոնական դրամատունը, մինչեւ օրէնսգիրքի նախագիծը Ազգային ժողով ներկայացնելը, անգամ մը եւս քննարկեն փաստաթուղթի հայեցակարգային դրոյթները:

 

Leave a Reply

Advertisement