Wednesday May 22, 2013

Նախագահ Սլէյման Այցելեց Ուալիտ Ժոմպլաթի

By adminx - Sat Aug 11, 7:48 am

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ երեկոյ անակնկալօրէն այցելեց Մուխթարա, ուր ընթրիքի հիւրը եղաւ Ազգային պայքարի ճակատի նախագահ, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի: Քաղաքական ընդհանուր իրադրութեան վրայ կեդրոնացած երկու ժամուան այս հանդիպումին ներկայ էին Թիմուր Ուալիտ Ժոմպլաթ, նախարարներ Ղազի Արիտի, Ալաէտտին Թըրրօ եւ Ուաէլ Ապու Ֆաուր: Նախքան այդ Ժոմպլաթ կապի մէջ մտած էր նաեւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ: Խորհրդակցութեանց առանցքները կազմած էին ընտրական համամասնական օրէնքին գծով վերջին հակազդեցութիւններն ու անդրադարձները:

Leave a Reply

Advertisement