Բողոքելով Ելեկտրական Հոսանքի Մնայուն Ընդհատումին Դէմ` Խանտաք Ղամիքի Բնակիչներ Փակեցին Ռինկի Կամուրջը
By adminx - Sat Aug 11, 7:46 am
- 0 Comments
- 15 views
- Tweet
Email
Print
Խանտաք Ղամիքի շրջանէն խումբ մը երիտասարդներ երէկ անիւներ հրկիզելով փակեցին Էշրեֆիէն (նախկին արեւմտեան) Պէյրութին կապող Ռինկի կամուրջը` իբրեւ բողոք ելեկտրականութեան հոսանքի յաճախակի ընդհատումին դէմ:
Աւելի ուշ ներքին ապահովութեան ուժեր լրիւ կերպով փակեցին Ռինկի կամուրջը` ցուցմունքներ տալով խճողումի մատնուած ինքնաշարժներուն` փոխարինելի այլ ճամբաներու գծով:
Նշենք, որ ելեկտրականութեան ընկերութիւնը երէկ յայտարարեց, որ յառաջիկայ երկուշաբթիէն սկսեալ ելեկտրական հոսանքի բաշխումը զգալիօրէն պիտի բարելաւուի:
Աւելի ուշ բողոքողները վերստին փակեցին Ռինկի կամուրջը, զոր ներքին ապահովութեան ուժեր յաջողած էին վերաբանալ: Անոնք իրենց բողոքի քայլերը տարածեցին մինչեւ Քոռնիշ Մազրաայի շրջանը` քարկոծելով հոնկէ անցնող ինքնաշարժները, ըստ «Սաութ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին:
Ըստ «Նաշրա» լրատուական կայքէջին, ցուցարարները փակած են նաեւ Պէյրութի կեդրոնական շուկաներու ճամբան` մինչեւ Պշարա Խուրի պողոտայ:
- 0 Comments
- 15 views
- Tweet
Email
Print




