Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
By adminx - Sat Aug 11, 7:39 am
- 0 Comments
- 11 views
- Tweet
Email
Print
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի երէկ կէսօրէ ետք իր գրասենեակին մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ապահովութեան եւ պաշտպանութեան հարցերու տեղակալ Կրեկորի Սթարը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերիք Փլամպլիի: Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի կեդրոններու եւ պաշտօնեաներու ապահովութեան գծով առնուելիք միջոցառումներուն համակարգումին վրայ:
ՔԱՆԱՏԱՅԻ արտաքին գործոց նախարար Ճոն Պերտ երէկ միօրեայ այցելութեամբ Լոնտոնէն ժամանեց Պէյրութ:
ՃԱՐՏԱՐԱԳԷՏ Թարեք Ռապայի ընտանեկան պարագաները երէկ կոչ ուղղեցին ազատ արձակելու իրենց զաւակը, որ յուլիս 2010-էն ի վեր արգելափակուած է: Թարեք իբրեւ «Ալֆա» ընկերութեան պաշտօնեայ հեռաձայն ստացած էր ֆրանսական ընկերութենէ մը, որուն պատճառով ալ ձերբակալուած էր: Աւելի ուշ յստակացած էր, թէ նշեալ ընկերութիւնը «Ալֆա»-ի հետ գործակցող ընկերութիւններէն մէկն է, առանց որ այդ մէկը յանգի Թարեքի ազատ արձակման:
- 0 Comments
- 11 views
- Tweet
Email
Print



