Թրքական Հերթական Խուսանաւո՞ւմ. Տաւութօղլու. «Սուրիոյ Մէջ Քրտական Ինքնավար Մարզի Ստեղծման Դէմ Չենք, Եթէ…»
By adminx - Sat Aug 11, 7:33 am
- 0 Comments
- 109 views
- Tweet
Email
Print
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի սպառնալիքներէն եւ խուճապահար ելոյթներէն օրեր ետք, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնած է, որ Անգարա դէմ պիտի չըլլայ սուրիական ներկայ վարչակարգի տապալումէն ետք Սուրիոյ մէջ քրտական ինքնավար մարզի ստեղծման, եթէ երկրին բոլոր խմբաւորումները ատոր շուրջ համաձայնութիւն գոյացնեն:
Հնդկաչին ուղեւորուելու ճամբուն վրայ Տաւութօղլու լրագրողներուն յիշեցուցած է ապրիլին իր, Սուրիական ազատ բանակի եւ Քրտական ազգային խորհուրդի ղեկավարներուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումը, երբ կոչ ուղղած է Սուրիական ազատ բանակին եւ սուրիացի քիւրտերուն միջեւ բանակցութիւններու սկսելու:
Նշենք, որ օրեր առաջ Էրտողան կը սպառնար ռմբակոծել Սուրիոյ քրտաբնակ հիւսիսարեւելեան շրջանները, եթէ քիւրտերը այնտեղ իրենց գերիշխանութիւնը հաստատեն:
- 0 Comments
- 109 views
- Tweet
Email
Print



