Wednesday May 22, 2013

«Վազրիկի Հայրը» Կամ Թուխ Արամազդը Ուխտի Ժամեր Փեր-Լաշեզ Գերեզմանատան Մէջ

By adminx - Sat Aug 11, 5:38 am

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Ո՞վ էր «Վազրիկը»: Ո՞վ էր «Վազրիկի Հայրը»…

Հեռատեսիլէն հարցումներ չեն ուղղեր այս մասին: Հարցում պատրաստողներն ալ չեն գիտեր եւ չեն ուզած գիտնալ: Բայց գիտեն, թէ այս կամ այն տարուան գեղուհին… յղի է: Այս թեթեւսոլիկութիւնները, արդիականանալով, կոչած ենք «փիփըլ» ըլլալ` աթոռ եւ աթոռակ ունենալու խաղին անձնատուր ըլլալով եւ ամբոխ զուարճացնելով:

Ուխտագնացութիւնները եւ ոգեկոչումները դաշտահանդէս դարձած են, խրախճանքի խոստումներ, միշտ «փիփըլ» ըլլալու ձգտումով: Փուչիկները կը փոխարինեն հրթիռները եւ անջրպետանաւերը: Մենք ալ հայրենիք լքողներով ազգաշէն գործ կ՛ուզենք ընել` առանց հարց տալու, թէ ո՛ր հոգեկան եւ ոգեկան ենթահողին վրայ: Մարդորսութիւն կ՛ընենք, ինչպէս որ կ՛ընէին «միսիոնար»-ները… հայ քրիստոնեան քրիստոնեայ դարձնելով: Հայաստան երիտասարդներ կը տարուին, եւ ուրախութեամբ կ՛ըսուի, որ` «շատ լաւ ժամանակ անցուցին մինչեւ առտու անգլերէն երգելով»: Գոհ կ՛ըլլանք, կարեւորութիւն կը ստանանք:

Մոռցուածներու երբ ուխտի կ՛երթաք, ո՛չ դաշտահանդէս կ՛ըլլայ, ո՛չ խրախճանք: Մանաւանդ երբ ուխտի օրը կը հանդիպի օգոստոսին, որ մոռացման թոյն կը սրսկէ… օգոստոսը երջանկացնող ընդարմացման փակագիծ է: Անկէ դուրս մնալ` դժբախտութեան համազօր է, զրկանք, որուն համար կ’արժէ ոտքի հանել «ամբոխները խելագարուած»: Պատահած է, որ այդ հեւքը պատճառ ըլլայ, որ մայրուղիի հանգիստի կանգառի մը իրարանցումին մէջ մարդիկ իրենց զաւակներն անգամ մոռնան: Ոսկի աւազի ջերմութիւնը կը խամրեցնէ յիշողութիւնը:

Օգոստոսին, ամէն անգամ որ առիթ ունեցած եմ, ուխտաւորի պէս գացած եմ Փարիզի Փեր-Լաշեզի գերեզմանատունը, որ քարաշէն պատմութիւն է, որ կը խօսի անոր, որ գիտէ լսել: Ֆրանսայի դարերու դրուագներ եւ լուսաւոր դէմքեր հոն են, իրենք զիրենք կը յիշեցնեն, ըսելու համար, որ նորերը սունկ չեն, ինքնաբոյս եւ անարմատ, որ շաբաթ օրերու ջերմէն եւ կամ գիւղի տան լոլիկէն եւ դդումէն զատ, աշխարհի մէջ ուրիշներ բաներ եղած են, կան: Երբեմն հարց պէտք է տալ, թէ մնացա՞ծ են:

Այս մտածումներով տարուած` օգոստոսի արեւոտ օր մը, անփառասէր եւ «փիփըլ» ըլլալ մերժող եկեղեցականի մը հետ, Փեր-Լաշեզի գերեզմանատունը գացինք ուխտաւորի պէս: Առանց փողի եւ թմբուկի: Երկուքով: Երկու հոգիի համար մամուլին յայտարարութիւն չի տրուիր: Սարսափելի պիտի ըլլար մամուլին յայտարարութիւն տալ. ո՞վ պիտի լսէ, ո՞վ պիտի կարդայ,- եւ երկու հոգիով մնալ ընդարձակ գերեզմանատան մէջ: Ասկէ առաջ ալ քահանայի մը հետ եկած էի…

Նախանձով լսեցի երիտասարդուհի մը, որ կը հարցնէր, թէ ո՞ւր կը գտնուէր մեծ նկարիչ Մոտիկլիանիի դամբարանը: Հաւանօրէն եկած էր սիրոյ եւ հիացման տուրք տալու, որ զինք պիտի հարստացնէր, Մոտիկլիանի պիտի չիմանար թէ ո՛վ էր այդ մանկամարդուհին, որ վստահօրէն ոչ իր զարմուհին էր եւ ո՛չ ալ հոմանուհին, գեղեցիկին եւ արժէքին համար ուխտի եկած էր: Իմաստասէր Օկիւսթ Քոնթ կ՛ըսէր, թէ անմահութիւնը ապրողներու յիշողութեան մէջ տեւելով կը յատկանշուի:

Փեր-Լաշեզ եկած էի այս անգամ եկեղեցականի մը հետ, որ արքեպիսկոպոս մըն էր, Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Նորվան սրբազանը: Հակառակ տօթին, յարգանքի ապրումով, ան սքեմ ալ ձգեց իր ուսերուն:

Օգոստոսին ինչպէ՞ս կարելի է չյիշել մեր ժողովուրդի իրաւունքի ճանաչման օրը, դարերու իրաւազրկումներէ եւ անգիտացումներէ ետք: Ինչպէ՞ս չյիշել, որ իրենք զիրենք իրաւարարութեան դերին սահմանած «յաղթական դաշնակիցները» պատմական փաստաթուղթ ստորագրած են հայ ժողովուրդին հետ: Անջնջելի մուրհակ մը, ինչ որ ալ ըլլան հին ու նոր խարդաւանանքները, եւ անոնց դերակատարները, հայ ըլլան թէ օտար:

Յանուն հայոց իրաւունքի տիրութեան, այդ փաստաթուղթը ստորագրած անձը կը հանգչի Փեր-Լաշեզի գերեզմանատունը:

Ան միակ հիւրը չէ անցեալը պատմող այս բացօթեայ թանգարանին: Հոն կան նաեւ փշրանքներ մեր պատմութենէն, խորքի յիշեցումով:

Պիտի փնտռենք դամբանը անոր, որ մեր իրաւունքի ճանաչումը կտակած է մեզի:

Իւրաքանչիւր քայլափոխի անուններ կան: Դամբաններ կան մաշած եւ մամռակալած տապանաքարերով. մոռցուածներ: Գրաբար գեղեցիկ խօսք ունինք. «Աւա՜ղ փառացս անցաւորի»: Դամբաններ կան դարպասներով, կղպուած, կան սեւ ու փայլուն մարմարով տապանաքարեր: Գրեթէ չենք խօսիր` տարուած մեր մտածումներով:

Իր ձիուն վրայ նստած` Անդրանիկն է, իր դատարկ փոսին վրայ: Տող մը, գրութիւն մը կը յիշեցնէ, որ աճիւնները տարուած են Հայաստան: Այդպէս եղած է հերոսին ցանկութիւնը, բայց նահանգի վերածուած Հայաստանի իշխանութիւնները իր առջեւ փակած էին դռները: Բայց ո՜վ զարմանք. դամբանի մեսրոպեան ուղղագրութեամբ արձանագրութեան վրայ, կարկտանի պէս «սովետի ուղղագրութեամբ» աւելցուած է յետմահու հայրենիք վերադարձի լուրը: Նուազագոյն ողջախոհութի՞նն ալ չունինք, արտաքին աշխարհին առջեւ չփռելու համար մեր զարտուղութիւնները: Չէ՞ գտնուած մէկը, որ կանխէ անհեթեթութիւնը: Երբ սրբազանը իր աղօթքը կը մրմնջէ, ես կը մտածեմ Մեսրոպի եւ արեւմտահայ ժողովուրդի հանդէպ յարգանքի մասին: Եւ մեր ցանկալի մէկութեան մասին, որ «Առլէզիէն»-ի կը նմանի:

Օգոստոս է: Արեւ կայ: Բայց հոգիս կը մթագնի:

Կը քալենք: Կանգ կ՛առնենք արեւմտահայ ժողովուրդի հասարակական մեծ գործիչներէն Գրիգոր Օտեանի շիրիմին առջեւ: Ես ինծի հարց կու տամ, թէ այս դամբանը այցելու կ՛ունենա՞յ: Աշխարհի տարբեր երկիրներէն Ֆրանսա եկողները, նաեւ Հայաստանէն, պատուիրակութիւնները եւ «տուրիստ»-ները, «Էյֆելեան աշտարակ»-ի տեսքին կարօտը ունեցողներ, գիտե՞ն, թէ Մեծ Հայ մը կայ Փեր-Լաշեզի գերեզմանատունը: Սրբազանը կը պատմէ Յակոբ Օշականի մասին, որ գրած է Գրիգոր Օտեանի մամռակալած դամբանին մասին: Հիմա նոր տապանաքար կայ: Բայց վերջին տասը կամ քսան տարիներուն քանի՞ հոգի այցելած է այս դամբանը: Սփիւռք(ներ) եւ Հայաստան, քանի՞ հոգի կը յիշեն Գրիգոր Օտեանը: Ի դէպ, ո՞վ էր ան: Թանգարանի նման գերեզմանատունը, իր ծառերով եւ քանդակներով, ներշնչող է, բայց երգին պէս ալեկոծուած է հոգիս, փլած տան մը պէս: Մրմունջ մը աղօթք կ՛ըսէ սրբազանը: Բայց լուռ է դամբանը: Ի՞նչ պիտի ըսէր Գրիգոր Օտեան, եթէ անդրշիրիմեան զոյգ մը խօսքով արձագանգէր… Բայց լաւ է, որ մեռեալները չեն խօսիր եւ չեն անհանգստացներ: Թէեւ դժուար է սպառողական ընկերութեան անհատապաշտները անհանգստացնել:

Սրբազանը գիտէ վայրը Փարիզի առաջնորդ եկեղեցականներու դամբարանին: Երեք անուններ: Այսպէս կոչուած «հիներ»ը զանոնք ճանչցած են եւ կը յիշեն: Նորե՞րը… Սրբազանը իր նախորդներուն համար ալ իր աղօթքը կ՛ընէ: Գէթ անունով այս երեք եկեղեցականներուն մասին գիտե՞ն անոնք, որոնք տակառային աղմուկի երգերուն համար սրահ կը լեցնեն կամ տարին անգամ մը ցոյցի կու գան, գերագոյն պարտականութիւն մը կատարած ըլլալու համար: Առանց անցեալի եւ արմատներու` ինչպէ՞ս տոկալ եւ տեւել: Որքա՜ն լաւ պիտի ըլլար, որ հիները եւ նորերը անգիր սորվէին Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին հայկական»-ը, որպէսզի երբեմն յիշէին, որ «Եկեղեցին հայկական ծննդավայրն է հոգւոյս»… Լատինատառ հայերէնով ճառ խօսող մը, եթէ հոս ըլլար, եւ թափանցէր մտածումներուս, պիտի ըսէր, թէ ժամանակավրէպ դարձած եմ: Բայց ինք ի՞նչ դարձած է… Այս հարցումը պիտի չուղղեմ, որպէսզի խանգարողի պիտակ չփակցնեն կռնակիս, ինչպէս որ նացիները Դաւիթի աստղը կը դնէին հրեաներու կուրծքին:

Կը քալենք: Հայու դամբաններ կան: Գաղթականներու, աքսորականներու: Անոնց յաջորդները մերուած քաղաքացիներ են, յաճախ նաեւ, ինչպէս սովորութիւն դարձած է ըսել, «ծագումով հայեր»: Այդ մարդոց թոռները տեսած եմ, որոնք ինծի ըսած են, որ` «իրենց հայրը կամ մեծ հայրը հայ էր»… Կրկին երգը կ՛արձագանգէ. «Հոգիս նման է էն փլած տներ…»

Երկար փնտռեցինք երկու շիրիմներ. Շաւարշ Միսաքեանի եւ Աւետիս Ահարոնեանի: Ըսին` ութսունութերորդ եւ իննսունեօթներորդ բաժիններուն մէջ: Ութսունութերորդ բաժնին մէջ գտնուելու էր Շաւարշ Միսաքեանին շիրիմը: Փարիզի իններորդ թաղամասի հրապարակ մը կոչուեցաւ իր անունով: Բացի յատուկ անուան մը յիշատակէն, կը պատահի՞, որ նորերը հետաքրքրուին այս մեծ մարդուն գաղափարներով: Շատեր իր անունն ալ պիտի ուզէին մոռնալ, եթէ իմանային, որ ան խօսուած խառնափնթոր հայերէնը կոչած էր «հաց-պանիրի հայերէն», մերժած էր օտար լեզուով ինքզինք ճանչնալու եւ ինքնութիւն պահելու հիւանդագին անհեթեթութիւնը: Ութսունութերորդ բաժնի դամբաններու արձանագրութիւնները մէկ առ մէկ փորձեցինք կարդալ: Երկուքով ձախողեցանք: Սրբազանը առ Աստուած ուղղեց իր աղօթքը Շաւարշ Միսաքեանի համար: Իսկ ես կը մտածէի մամուլի մեծ սպասաւորին եւ հրապարակագրին մասին, կը յիշէի, որ Հայաստանի «ժուռնալիսթիքա»-ի համալսարանին մէջ, չ՛ուսուցուիր Շաւարշ Միսաքեանին օրինակը, ինչպէս որ կը յիշուի Գրիգոր Արծրունի: Մե՞ղքը…

Սրբազանը ինք գտաւ Աւետիս Ահարոնեանին դամբանը: Ըսաւ, որ այս դէմքերուն համար արժանին չի մատուցուիր: Փեր-Լաշեզ եկած էինք, որովհետեւ օգոստոս 10-ի նախօրեակին էինք: Քաջ գիտնալով, որ ո՛չ ցոյց, ո՛չ հանրաժողով, ո՛չ գիտաժողով պիտի կայանար օգոստոս 10-ին, խնդրած էի սրբազանէն, որ միասին երթանք յիշատակի խունկի գուլայ մը ծխելու համար Աւետիս Ահարոնեանի շիրիմին: Յաղթահասակ եկեղեցականը աղօթք ըսաւ, Ղուկասի Աւետարան կարդաց, վառեց խունկը: Եթէ հնարաւոր ըլլար, դէզ մը կը կազմէի Աւետիս Ահարոնեանի գիրքերով, եւ այս անգամ ես «Տէր ողորմեա» մը կ՛ըսէի այդ անտէր դարձած էջերուն համար: Ո՞վ այսօր կը կարդայ գեղագէտ եւ զգայուն էջերը «Իտալիայում» գիրքին: Հոն կայ Միքել անճելոյի «Մովսէս»-ը, որուն տիպարին ընդմէջէն Աւետիս Ահարոնեան կը տեսնէ ոտքի կանգնելու եւ հայրենիք վերանուաճելու կամքը: Դեռ կէս դար առաջ Հայրենիքի սէրը կը ժառանգուէր «Գիրք Ճանապարհի»-ով, կամ «Կարօտ հայրենի»-ով: Մեր օրերուն «տուրիստական» եւ «թուային պատկեր»-ներ կան, անվաղորդայն եւ աներազ, անհեռանկար եւ անյանձնառու:

Ո՛վ որ չէ կարդացած Աւետիս Ահարոնեանին «Վազրիկը», չի կրնար հասկնալ ազատագրական պայքարի ճանապարհ բացող ոգին: Կարգախօս պոռալէ տարբեր: «Վազրիկ» ի՞նչ պիտի մտածէր այսօր` մեր ներկան բաղդատելով իր մատղաշ կեանքի բոցավառման:

Սրբազանը աղօթք կ՛ըսէր, եւ ես կը մտաբերէի տեսարանը, երբ Աւետիս Ահարոնեան յաղթանակ կը տանէր իշխանատենչի մը եւ փառասէրի մը դէմ, որ կը կոչուէր «Միհրան», որ կ՛ուզէր իրեն ենթարկել Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը: Ան կուսակցութեան կնիքը կը պահանջէր: Մանրահասակ Աւետիս Ահարոնեան դուրս կու գայ խմբագրութեան իր սենեակէն եւ շառաչուն ապտակով մը դուրս կը դնէ իր զինեալներով եկած Միհրանը, որ զինաթափ կ՛ըլլայ, եւ կը հեռանայ: Աւետիս Ահարոնեանի այս իշխանութիւնը կը կոչուի գլխագրուած հեղինակութիւն, ժամանակակիցներս կ՛ըսենք` «քարիզմ», կամ` «խարիզմա»… Հայ կեանքին մէջ, եկեղեցական թէ աշխարհական, զանազան դիմակներով միհրաններ կան, որոնք աթոռ կ՛ուզեն, քանի որ դրամ ունին, եւ այդ կը յայտարարեն, դրամ կու տան, եթէ իրենց անուան պիտի կցեն «պատուոյ նախագահ» տիտղոսը: Բայց Միհրան ապտակող ահարոնեաններ չկան: Ափսո՜ս…

Խունկին բոյրը, ամառնային երեկոյի տօթին հետ, զգլխիչ էր: Երբ թրքական բանակները կանգնած էին Երեւանի դռներուն, ընդդէմ իրապաշտ-գործնապաշտ իմաստուններուն, Աւետիս Ահարոնեան իր ձայնը կը բարձրացնէր եւ կ՛ըսէր. «Դեռ կայ հրաշքը»: Եւ ինք ճիշդ էր: Հրաշքի հաւատալու կամքն էր, որ ոգի տուած էր իրապաշտութեան եւ յաղթանակին, զոր կը տօնենք:

Աւետիս Ահարոնեանի դամբանին դիմացի տապանաքարին վրայ նստած` կը կարդայի, ինչ որ արձանագրուած էր: Հայերէն գրուած էր «Ա. Ահարոնեան»: Մնացեալը, անուն, ծննդեան եւ մահուան թուական, «Հայաստանի Հանրապետութեան, 1918-1920, Պատուիրակութեան նախագահ»` ֆրանսերէն: Մի՞թէ արգիլուած է, կամ ծախսալի՞ց, մնացեալն ալ գրել հայերէն եւ աւելցնել` «մեծ գրող»:

Զբօսաշրջիկներ կային: Խումբին առաջնորդը կանգ առած էր դամբանի մը առջեւ, եւ կը բացատրէր, թէ հոն կը հանգչէր մեծ դերասանուհի Սառա Պեռնար: Նախանձեցայ: Հայ զբօսաշրջիկներուն համար, անոնք գան ամերիկաներէն, Միջին Արեւելքէն կամ Հայաստանէն, Մարսէյէն կամ Լիոնէն, կամ Փարիզ բնակողներուն համար, ազգային գիտակցութեան ըմբռնումի տեսակէտէն, Գրիգոր Օտեան, Շաւարշ Միսաքեան կամ Աւետիս Ահարոնեան Սառա Պեռնարի կամ Մոտիկլիանիի չափ խորհրդանիշ չե՞ն… Եւ ինչո՞ւ չեն, չըլլան:

Աւետիս Ահարոնեան ստորագրած է Սեւրի դաշնագիրը, որ մեզմէ իւրաքանչիւրին ազգային-քաղաքական ժառանգութիւնն է: Այդ պատահած է 10 Օգոստոս 1920-ին: Բայց  Աւետիս Ահարոնեան չէր մտածած, որ Օգոստոսին դաշնագիր չի ստորագրուիր, արձակուրդ է… Հետեւաբար ինք չի յիշուիր, եւ դաշնագրի բովանդակութիւնը չի յիշուիր, եւ կը գոհանանք, փոխան Հայաստանի, Հայաստանի Հանրապետութեամբ, որուն համար կ՛ըսուի, թէ բացօթեայ թանգարան է… բոլոր ազգերու «տուրիստ»ներուն համար:

Վարդապետը պիտի ըսէր, որ հաւատքդ քեզ կը պահէ:

Ուստի, Աւետիս Ահարոնեանի հետեւութեամբ ըսե՞նք, թէ ԴԵՌ ԿԱՅ ՀՐԱՇՔԸ… որ կարելի կ՛ըլլայ, եթէ յայտնուի զինուած Միհրանը, անոր դիմաց կանգնի զայն ապտակող եւ դուրս դնող Աւետիս Ահարոնեանը, զոր կոչած էին «Թուխ Արամազդը»…

 

7, 8, 9, Օգոստոս 2012
Նուազի-լը-Կրան

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement