Ամառնային Ողջունելի Մարզական Ծրագիր. ՀՄԸՄ Անթիլիասի Մասնաճիւղին Նախաձեռնութեամբ
By adminx - Sat Aug 11, 5:35 am
- 0 Comments
- 61 views
- Tweet
Email
Print
Ամառնային այս տաք օրերուն հաճելի հանդիպումներ եւ աշխատանք ունեցան ՀՄԸՄ Անթիլիաս մասնաճիւղի գործունէութեան հետեւող ՀՄԸՄականները: Անոնք ունեցան մարզական օգտաշատ ձեռնարկներ` մանկապատանեկան խաղերու վերաբերեալ: 5-12 տարեկան մանուկներ եւ պատանիներ հետեւեցան այս մարզաձեւերուն, քաջալերանքովը ծնողներու: Ֆութպոլի, պասքեթպոլի, փինկ-փոնկի, ճատրակի եւ լողի դասեր տրուեցան` առաջնորդութեամբ երիտասարդ ուսուցանողներու: Յուլիս-օգոստոս ամիսներ ձանձրոյթէ հեռու պահեցին Անթիլիասի եւ շրջակայքի մանուկներն ու պատանիները, որոնք օգտուեցան այս փորձարկումէն: Շատեր փափաքեցան շարունակել այս մարզափորձերը, ծնողներ շնորհակալութիւն յայտնեցին ՀՄԸՄ Անթիլիասի վարչութեան, որ նման աննախընթաց ձեռնարկով նորահաս սերունդը առաջնորդեց դէպի հայկական ակումբ, «ՀՄԸՄ- Աղբալեան» մարզամշակութային համալիր: Հոս անոնք զգացին հայկական միջավայրի կենսունակութիւնը եւ դաստիարակութիւնը:
8 օգոստոսին այս առիթով տեղի ունեցաւ հանդիպում մը` ներկայութեամբ ծնողներու, ՀՄԸՄ-Աղբալեան համալիրի սրահին մէջ, ուր հաստատագիրեր ստացան յիշեալ մարզախաղերուն մասնակցողները, առ ի գնահատում:
Այս ձեռնարկը այնքան օգտաշատ նկատեցին ծնողները, որոնք խնդրեցին շարունակել մարզական այս դասաւանդումները` նաեւ ձմրան եղանակին, նոյն ակումբի յարկին տակ:
«Ուր կամք, հոն կեանք», կ՛ըսէ իմաստութիւնը:
ԾՆՈՂՔ ՄԸ
- 0 Comments
- 61 views
- Tweet
Email
Print



