Wednesday May 22, 2013

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

By adminx - Sat Aug 11, 5:30 am

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Օրը դիմաւորեցէք ուրախ եւ ժպտուն: Ձեր հոգերը մէկ կողմ դրէք, որպէսզի կարենաք կատարել ձեր պարտականութիւնը` առանց դժգոհութեան:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Մի՛ մտածէք վաղուան մասին: Ապրեցէք օրը այնպէս, ինչպէս որ է: Գիտցէք ու հաւատացէք, որ ձեր մասին մտածող վերին զօրութիւն մը կայ: Օրը լաւ է:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ներկայ պիտի ըլլաք հանդիպումի մը, ուր պիտի լսուի ձեր խօսքը, որ կը վերաբերի նոր ծրագրի մը իրականացման: Միացեալ աշխատանք տարէք:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Մանրամասնութիւններով մի՛ զբաղիք, որպէսզի մոռացութեան չտաք հիմնական աշխատանքը: Ականջ տուէք փորձառու անձերու տեսակէտին:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Եթէ ունիք պետական գործառնութիւն, մի՛ ձգձգէք, որպէսզի հարցը չբարդանայ նիւթապէս եւ բարոյապէս: Իմաստութեամբ շարժեցէք ամէն տեղ:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Կը մտահոգուիք հարցի մը շուրջ, որ անիմաստ է: Ձեր մտահոգութիւնը սխալ է, որովհետեւ ձեր դիմաց եղած յաջողութիւնը չէք նկատեր:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
«Հովը թող փչէ, ծովը թող շաչէ, աշխարհ հոգս չէ» առածին պիտի հետեւիք եւ պիտի օգտուիք: Օրը ունի պարծենալու եւ ուրախանալու պահեր:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեռք երկարեցէք կարօտեալ անձի մը: Տալով` պիտի ուրախանաք եւ պիտի զգաք հոգեկան գոհունակութիւն: Կեանքին իմաստը այս է արդէն:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ճամբորդութեան մէջ ըլլաք թէ տունը, գիտցէք, որ ունիք ձեր մասին մտածող հարազատներ եւ բարեկամներ: Առանձին չէք, ունիք օգնականներ:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Շարունակեցէք ձեր կեանքը` ըստ ձեր համոզման եւ ձեր կոչումին: Մնացեալը կու գայ ինքնիրեն: Կարեւորը պարզ եւ համեստ մնալն է, կը սիրուիք:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Մնացէք ձեր հմայքով եւ սրամիտ խանդավառութեամբ: Բարեկամներով պիտի կարենաք օրը վերածել ուրախ մթնոլորտի` ձեզի հետ ուրախացնելով նաեւ տխուր անձերը:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Եթէ ծնողք էք, կատարեցէք ձեր պարտականութիւնը` հանդէպ ձեր զաւակներուն: Արձակուրդի այս ժամանակաշրջանին պտոյտի տարէք զանոնք:

 

Leave a Reply

Advertisement