Յայտարարութիւններ ( 10 Օգոստոս 2012 )
By adminx - Fri Aug 10, 6:30 am
- 0 Comments
- 309 views
- Tweet
Email
Print
ՄԱՀԱԶԴ
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը կը գուժէ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ շրջանի երկարամեայ եւ վաստակաշատ, «Արժանեաց» շքանշանակիր եւ Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամներէն
ԳԷՈՐԳ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 9 օգոստոս 2012-ին, Հալէպի մէջ:
—————————————————————————————
ԱՂՕԹՔԻ ՇԱԲԱԹ` Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ
ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
Սիրելի հաւատացեալներուն կը տեղեկացնենք, որ Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին նուիրուած աղօթաշարք տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի, 6 օգոստոս 2012 – ուրբաթ, 10 օգոստոս 2012 Ս. Աստուածածնայ տօնին նուիրուած աղօթքի շաբթուան արարողութիւնները պիտի կատարուին հետեւեալ կարգով:
Հանդիսապետութեամբ`
ԳԵՐՇ. Տ. ԳԵՂԱՄ Ս. ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆի
Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ
Ուրբաթ, 10 օգոստոս 2012-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ` երեկոյեան ժամը 6:30-ին:
Կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը մասնակցելու խնկաբոյր աղօթքներուն, ըմբոշխնելու հոգեւոր պահն ու աղօթելու աշխարհի եւ Լիբանանի խաղաղութեան համար:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԹԵՄԻ
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
—————————————————————————————
ՈՒԽՏԻ ՕՐ ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ԵՒ ՏՕՆ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ – 2012
Տարիներու աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս հանդիսաւոր շուքով պիտի նշուի Սուրբ Աստուածածնի վերափոխման տօնը եւ կատարուի Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին ուխտագնացութիւնը:
Այս առիթով, ուխտաւոր հաւատացեալներուն կը ներկայացնենք Ուխտի օրուան ժամանակացոյցը.-
Ուրբաթ 10 Օգոստոս
- Աջահամբոյր` առաւօտեան ժամը 10:45-ին:
- Աղի օրհնութիւն եւ ոչխարներու զենում` կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:
- Երեկոյեան ժամերգութիւն, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին:
- Հոգեւոր համերգ մայրավանքի կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտներուն կողմէ` երեկոյեան ժամը 7:30-ին:
- Հսկում` գիշերուան ժամը 8:30-ին:
Շաբաթ 11 Օգոստոս
- Ժամերգութիւն` առաւօտեան ժամը 7:00-ին:
- Երեկոյեան ժամերգութիւն` կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին:
- Հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ` երեկոյեան ժամը 8:00-ին:
Պիտի պատարագէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՍՈՒՐԷՆ ԱՐՔ. ԳԱԹԱՐՈՅԵԱՆ
Արարողութեանց պիտի նախագահէ եւ ժողովուրդին իր հայրապետական պատգամը պիտի փոխանցէ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
Յընթացս սուրբ եւ անմահ պատարագի, տեղի պիտի ունենայ խաղողի եւ մատաղի օրհնութիւն:
Կիրակի, 12 օգոստոս
Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ:
Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ԿՈՄԻՏԱՍ ԱՐՔ. ՕՀԱՆԵԱՆ
Յաւարտ Ս. պատարագի, տեղի պիտի ունենայ խաղողօրհնէքի արարողութիւն:
Երկուշաբթի, 13 օգոստոս «Յիշատակ Մեռելոց»
Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ տեղի պիտի ունենայ Ս. եւ անմահ պատարագ եւ հոգեհանգիստ` ազգիս համօրէն ննջեցելոց հոգիներուն ի հանգիստ:
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
ԴԱՍԱԽՕՍԱԿԱՆ ՇԱՐՔ ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՄԱՏՐԱՆ ՄԷՋ
Կազմակերպութեամբ կաթողիկոսարանիս Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին, 6-10 օգոստոս 2012, ամէն առաւօտ ժամը 10:00-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ տեղի պիտի ունենայ հոգեւոր խորհրդածութեան պահ եւ դասախօսութիւն:
Երեքշաբթի, 7 օգոստոս
«ԱՍՏՈՒԱԾԱՄԱՅՐԸ ԵՒ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆԸ» և Նշան աբղյ. Լախոյեան
Չորեքշաբթի, 8 օգոստոս
«ԱՍՏՈՒԱԾԱՄԱՅՐԸ ԵՒ ԲԱՐԵԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ» և Սմբատ աբղյ. Սապունճեան
Հինգշաբթի, 9 օգոստոս
«ԱՍՏՈՒԱԾԱՄԱՅՐԸ ԵՒ ՀԱՅՈՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆ» և Զարեհ աբղյ. Սարգիսեան
Ուրբաթ, 10 օգոստոս
«ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՏՕՆԵՐ» և Տաճատ աբղյ. Աշըգեան
Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի զաւակները մասնակից դառնալու հոգեպարար սոյն դասախօսական ձեռնարկներուն եւ լեցուելու Աստուածամօր կեանքէն բխող պատգամներով:
ԿԱՐԵՒՈՐ
1) Անոնք որոնք կը փափաքին մատաղցու ոչխար կամ խաղող նուիրել Ուխտի օրուան առիթով, պէտք է ամէնէն ուշը ուրբաթ, 10 օգոստոս 2012-ի կէսօրին հասցուցած ըլլան իրենց նուէրները Անթիլիասի կամ Պիքֆայայի վանքը:
Հեռ: Անթիլիաս 04-410001 և Պիքֆայա 04-983634:
2) Դասախօսական ձեռնարկներուն մասնակցիլ փափաքողներուն համար, փոխադրակառքեր տրամադրուած պիտի ըլլան ամէն առաւօտ ժամը 8:45-ին, Պուրճ Համուտի Ս. Աստուածածին եւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցիներու մուտքին, Տպարան Տօնիկեանին մօտ, Տորայի մայրուղիին վրայ գտնուող «Խուրի Հոմ Լայն» հաստատութեան մօտ եւ Անթիլիասի մայրավանքին դիմաց:
3) Շաբաթ, 11 օգոստոս 2012-ի Ուխտի օրուան պատարագին համար յատուկ փոխադրակառքեր տրամադրուած պիտի ըլլան ծխային եկեղեցիներու մուտքին, երեկոյեան ժամը 6:00-էն սկսեալ:
—————————————————————————————
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԸ`
ԶՄՄԱՌՈՒ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Շաբաթ, 11 օգոստոս 2012-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, հանդիսաւոր Ս. պատարագ պիտի մատուցէ եւ խաղողօրհնէք (արաբերէնով) կատարէ միաբանութեան ընդհանուր փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր`
ՀԱՅՐ ԳԱԲՐԻԷԼ Թ. Ծ. ՎՐԴ. ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ
Արարողութեան պիտի յաջորդէ տօնական «քերմես»` վանքի նորաբաց զբօսաբակին մէջ:
Կիրակի, 12 օգոստոս 2012-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, հայրապետական Ս. պատարագ պիտի մատուցէ եւ խաղողօրհնէք կատարէ`
Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ
Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ.
կաթողիկոս-պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց
Ապա պիտի յաջորդէ տօնական «քերմես» յետմիջօրէի ժամը 1:00-էն սկսեալ մինչեւ երեկոյեան ժամը 9:00, վանքին նորաբաց զբօսաբակին մէջ:
Բոլոր ուխտաւորներուն համար փոխադրամիջոցները ապահովուած են: Դիմել` հայ կաթողիկէ ժողովրդապետներուն:
—————————————————————————————
ՏՕՆ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ
ԵՒ ՈՒԽՏԻ ՕՐ ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ
Ի գիտութիւն մեր սիրելի հաւատացեալ ժողովուրդին կը յայտնենք, որ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով Պիքֆայայի Ուխտի օրը պիտի կատարուի շաբաթ, 11 օգոստոս 2012- ի երեկոյեան:
Այս առիթով պիտի կատարուի հանդիսաւոր սուրբ պատարագ Ս. Աստուածածին մատրան շրջափակին մէջ:
Արարողութեանց պիտի նախագահէ եւ ժողովուրդին իր պատգամը պիտի փոխանցէ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
Յաւարտ սուրբ եւ անմահ պատարագին, պիտի կատարուի խաղողի եւ մատաղի օրհնութիւն` հանդիսապետութեամբ վեհափառ հայրապետին:
Այս հոգեպարար առիթով, մեր հաւատացեալ ժողովուրդին Պիքֆայա երթեւեկութեան դիւրութիւն ընծայելու համար յատուկ պասեր պիտի տրամադըրւին հետեւեալ վայրերէն.
- Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ դիմաց
- Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դիմաց
- Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ դիմաց
- Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ դիմաց
- Ֆանար ակումբին առջեւ
- Ռաուտա (Էհլան)
- Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ կից
- Անթիլիաս` Սիմիթեան շէնքեր
- Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի
- Հաճըն եւ Ռըմէյլ` նախկին փուռ Փատովայի կից
Պասերը պիտի մեկնին երեկոյեան ժամը 6:00-ին եւ Ս. պատարագի աւարտին պատրաստ պիտի ըլլան մեր ժողովուրդը վերադարձնելու Պէյրութ:
Կոչ կ՛ուղղենք հաւատացեալ մեր ժողովուրդին, որ օրուան խորհուրդով ու պատգամով զօրացած ուխտի գայ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին մատուռը` վերանորոգելու համար դարեր առաջ Աստուծոյ հետ կնքած իր ուխտը:
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
————————————————————————————–
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ`
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Կիրակի, 12 օգոստոս 2012-ին, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:
Ս. պատարագին պիտի նախագահէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի հայոց թեմին
Յընթացս Ս. պատարագի պիտի կատարուի խաղողօրհնէքի արարողութիւն:
Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 8:00-ին
Ս. պատարագ` ժամը 10:00-ին
Քարոզ եւ ապա խաղողօրհնէք` ժամը 11:00-ին
Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու Ս. պատարագին, լսելու առաջնորդ սրբազան հօր պատգամը եւ հաղորդակից դառնալու օրուան խորհուրդին:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
————————————————————————————–
ՄԱՄԼՈՅ ԼՍԱՐԱՆ ԹԻՒ 73
Ներկայացում-քննարկում
դոկտ. Ժան Կէօքճեանի «Ethnicity, Nationalism and Conflict
in the South Caucasus: Nagorno-Karabakh and the Legacy of
Soviet Nationalities Policy» նորահրատ ուսումնասիրութեան
Կը մասնակցին`
Ժան Կէօքճեան
(Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան)
Արա Սանճեան
(Միշիկընի Համալսարան-Տիրպոռն)
Տեղի կ՛ունենայ հինգշաբթի, 30 օգոստոս 2012-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ:
————————————————————————————–
ՍՏԱՑԱՆՔ
«ԵՐԿՈՒ ԱՓ»
Հեղինակ`
ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Պէյրութ – 2012
————————————————————————————–
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Պուրճ Համուտի մէջ հաստատութիւն մը կարիք ունի համալսարանաւարտ քարտուղարուհիի մը, որ գիտնայ համակարգիչ գործածել, նաեւ տիրապետած ըլլայ անգլերէնին եւ արաբերէնին: Դիմել` հեռ. 01-259923 կամ 03-344256:
—————————————————————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Մըթայլեպի մէջ գեղագիտական կեդրոն մը կարիքը ունի մասնագէտ մենիքիւրիսթի եւ փետիքիւրիսթի:
Լաւ վարձատրութիւն, լիաժամ աշխատանք: Հետաքրքրուողները կրնան հեռաձայնել 04-915875 եւ 70-482116 թիւերուն:
—————————————————————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Ինքնաշարժով վաճառող շրջուն ներկայացուցիչ մը (ումումի ինքնաշարժ վարելու արտօնագիր ունենալը` պայման), նախընտրելի է «վան» ինքնաշարժ ունենալ եւ Անթիլիաս-Նաքքաշ շրջանի բնակիչ ըլլալ, դիմել` հեռ. 70-599350:
—————————————————————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ- ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
3 ՆՈՅԵՄԲԵՐ, 2012
———————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
24 ՆՈՅԵՄԲԵՐ, 2012
- 0 Comments
- 309 views
- Tweet
Email
Print



