Wednesday Jun 19, 2013

Երրորդ Տարին Ըլլալով ԼԵՄ-ականներ «Անուշ Հայրենիք» Ճամբարը Կը Կազմակերպեն

By adminx - Fri Aug 10, 7:15 am

Երէկ երեկոյեան խումբ մը ԼԵՄ-ականներ (12 հոգի) ուղղուեցան Հայաստան` իրականացնելու «Անուշ հայրենիք» ընկերային-դաստիարակչական ծրագիրը:

ՀՅԴ ԼԵՄ-ը այս տարի իր ճամբարի ծրագիրը պիտի իրագործէ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Արցախի մէջ` կարգախօս եւ բնաբան ունենալով «Մեզ միացնողը Դաշնակցութիւնն է»-ն:

Երրորդ տարին ըլլալով աշխատանքը պիտի կատարուի Սիւնիք մարզի Սիսիան քաղաքին մէջ, իսկ առաջին անգամ ըլլալով այս տարի ԼԵՄ-ականներէն խումբ մը պիտի ուղղուի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Մարտունիի մէջ պիտի կատարէ այս ճամբարը:

Զոյգ ծրագիրներուն նպատակն է Սիսիանի եւ Մարտունիի հայ պատանիներուն մտքերուն եւ հոգիներուն մէջ ամրապնդել ազգային գաղափարական գիտակցութիւնն ու ոգին: Այս բոլորը պիտի կատարուին լաւապէս ծրագրուած ու պատրաստուած ընկերային, դաստիարակչական, մտային եւ մարզական բնոյթի տարբեր յայտագիրներու ճամբով, որոնք ճամբարի մասնակիցներուն պիտի ներկայացուին ԼԵՄ-ականներուն կողմէ:

«Անուշ հայրենիք»-ով երկու տարիէ ի վեր ԼԵՄ-ականները կը միտէին գործնականօրէն լծուիլ իրենց հայրենիքի ծառայութեան` կարելիութեան սահմաններուն մէջ, իսկ այս տարի անոնք նաեւ կ՛ուղղուին Արցախ` մեծապէս հաւատալով Հայաստան-Արցախ-սփիւռք կապի ամրապնդման կարեւորութեան:

Leave a Reply

Advertisement