Wednesday May 22, 2013

Սուրիահայ Երեխաները Պիտի Հանգստանան Հանքաւանի Մէջ

By adminx - Fri Aug 10, 7:50 am

Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսէն երէկ Հայաստան ժամանեցին 119 սուրիահայ երեխաներ: Հայաստանի կառավարութեան ծրագիրով, անոնք պիտի հանգստանան Հանքաւանի «Լուսաբաց» ճամբարին մէջ:

Հայաստանի կառավարութեան երէկուան նիստին վարչապետ Տիգրան Սարգսեան տեղեկացուց, որ այս թռիչքին պիտի յաջորդեն երկու այլ թռիչքներ եւս:

Կառավարութեան ներկայացուցիչները կ՛ըսեն, որ ասիկա երեխաներու տարհանում չէ, պարզապէս անոնց հանգիստի կազմակերպում:

Leave a Reply

Advertisement