Հայաստան Մտադիր Է Ճաքարթայի Մէջ Դեսպանատուն Բանալու
By adminx - Fri Aug 10, 7:50 am
- 0 Comments
- 74 views
- Tweet
Email
Print
Նախանցեալ օր տեղի ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի այցելութիւնը Ինտոնեզիա:
Նոյն օրը տեղի ունեցան Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Ինտոնեզիոյ արտաքին գործոց նախարար Մարթի Նաթալեկաւայի բանակցութիւնները, որոնք ընթացան նախ դռնփակ, ապա` պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ:
Բարի գալուստ մաղթելով Էդուարդ Նալբանդեանին` Ինտոնեզիոյ արտաքին գործոց նախարարը նշեց, որ իրեն համար ուրախալի է հիւրընկալել Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը եւ յոյս յայտնեց, որ այս այցելութիւնը նոր էջ մը պիտի բանայ երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ: Ըստ Ինտոնեզիոյ նախարարին, Հայաստանի եւ Ինտոնեզիոյ փոխադարձ գործակցութիւնը մեծ ներուժ ունի եւ այս այցելութիւնը լաւ կարելիութիւն կ՛ընձեռէ քննարկելու այդ ներուժի բացայայտման եւ օգտագործման ուղիները: Ան ընդգծեց, որ իր երկիրը կը ցանկայ նոր թափ հաղորդել երկկողմանի յարաբերութիւններուն:
Շնորհակալութիւն յայտնելով Ճաքարթա այցելելու հրաւէրին համար` Էդուարդ Նալբանդեան յայտնեց, որ այցելութիւնը խորհրդանշական է, քանի որ տեղի կ՛ունենայ երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 20-րդ յոբելենական տարուան ընթացքին: Նախարար Նալբանդեան կարեւոր նկատեց Ինտոնեզիոյ հետ տարբեր մարզերուն մէջ փոխադարձ գործակցութեան ընդլայնման վերաբերեալ համաձայնութիւններու ձեռքբերումը, որ նախարարին բնորոշումով իր այցելութեան գլխաւոր նպատակն է:
«Շարմ Շէյխի մէջ ճիշդ երեք ամիս առաջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին մենք համաձայնեցանք գործնական քայլերու ձեռնարկել` ամրապնդելու եւ խորացնելու մեր երկկողմանի համագործակցութիւնը, եւ ես ուրախ եմ արձանագրելու, որ այսօր, ձեր հրաւէրին ընդառաջելով, ես կը գտնուիմ Ճաքարթայի մէջ այդ նպատակով: Կը ցանկամ տեղեկացնել ձեզի մօտ ապագային Ինտոնեզիոյ մէջ` Հարաւարեւելեան Ասիոյ մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցող երկրին մէջ դեսպանատուն բանալու Հայաստանի մտադրութեան մասին, ինչ որ նոր լիցք եւ որակ պիտի հաղորդէ մեր յարաբերութիւններուն», ընդգծեց նախարար Նալբանդեան:
Ողջունելով Ճաքարթայի մէջ դեսպանատուն բանալու Հայաստանի մտադրութիւնը` նախարար Նաթալեկաւա շեշտեց, որ Ինտոնեզիոյ իշխանութիւնները ամենայն աջակցութիւն պիտի ցուցաբերեն դեսպանատան աշխատանքներուն:
Զրուցակիցները խօսեցան երկկողմանի բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման ուղղութեամբ ձեռնարկուելիք քայլերուն մասին, համաձայնութիւն ձեռք բերին քաղաքական երկխօսութեան աշխուժացման, միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ փոխադարձ գործակցութեան սերտացման, իրաւական դաշտի ձեւաւորման, առեւտրատնտեսական եւ գիտական-արհեստագիտական համագործակցութեան զարգացման ուղղութեամբ աշխատանքները իրականացնելու մասին:
Գործարար կապերու խթանման քննարկումներու շրջագիծին մէջ նախարարները քննարկեցին Հայաստանի եւ Ինտոնեզիոյ առեւտուրի պալատներու համագործակցութեան կարելիութիւնը:
Նախարար Նալբանդեան ներկայացուց Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւնները եւ առաջնահերթութիւնները, կովկասեան շրջանին մէջ ապահովութեան եւ համագործակցութեան հաստատման ուղղութեամբ Հայաստանի կողմէ ձեռնարկուող քայլերը: Նախարար Նալբանդեան իր ինտոնեզիացի գործընկերոջ ներկայացուց արցախեան հիմնախնդիրի լուծման հոլովոյթին վերջին զարգացումները: Նախարարները համակարծիք էին, որ հիմնախնդիրի խաղաղ բանակցային լուծումը այլընտրանք չունի:
Նախարար Նալբանդեան իր ինտոնեզիացի պաշտօնակիցը հրաւիրեց Հայաստան:
Երկու նախարարները միջկառավարական համաձայնագիր ստորագրեցին Հայաստանի կառավարութեան եւ Ինտոնեզիոյ կառավարութեան միջեւ տնտեսական, գիտական եւ արհեստագիտական համագործակցութեան մասին:
Հանդիպումէն ետք նախարարները տուին միացեալ մամլոյ ասուլիս մը:
- 0 Comments
- 74 views
- Tweet
Email
Print



