Ըստ Իրանցի Պաշտօնատարի Մը Հայաստան Իրանի Պիտի Օգնէ` Փրկելու Համար Ուրմիոյ Լիճը
By adminx - Fri Aug 10, 7:44 am
- 0 Comments
- 103 views
- Tweet
Email
Print
«Ռատիոզամանեհ» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ արագ կերպով ցամքող Ուրմիոյ լիճի խնդիրի հարցին մէջ Իրան պիտի ներգրաւէ նաեւ Հայաստանի օգնութիւնը:
Իրանի շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեան հարցերով կազմակերպութեան ղեկավար Մոհամետ Ճաւատ Մոհամետզատէ 1 օգոստոսին յայտարարած է, որ Իրանն ու Հայաստանը լիճի մակարդակի անկումին դէմ պայքարի հարցին մէջ համաձայնութիւն գոյացուցած են:
Ան նշած է, որ տաք եղանակը եւ անձրեւներու բացակայութիւնը պատճառ դարձած են, որ լիճի մակարդակը իր պատմութեան մէջ նուազագոյն մակարդակին հասնի:
Նախապէս իրանեան իշխանութիւնները յայտարարած էին Արաքս գետէն ջուրի փոխանցման մասին` Իրանի եւ Ազրպէյճանի սահմանային մասին մէջ: Սակայն Ազրպէյճան դէմ արտայայտուած էր:
Հայաստանն ու Իրանը վերջերս բնապահպանական ծրագիրներու իրականացման համաձայնագիր ստորագրած էին:
Իրանի մէջ այն համոզումը ունին, որ Ուրմիոյ լիճի ցամաքումը պիտի ըլլայ «ազգային աղէտ» մը, որ կրնայ ոչ բարենպաստ ազդեցութիւն ունենալ նաեւ դրացի երկիրներուն վրայ: Իրանցի պաշտօնատար անձեր յայտնած են, որ երեք հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածք ցամքած է եւ վերածուած աղի դաշտի:
Իրանցի բնապահպանները կը զգուշացնեն, որ առանց «ազգային մակարդակով արագ, լուրջ գործողութիւններու», կրնան ըլլալ աղային փոթորիկներ, որոնք պիտի հասնին մինչեւ Թեհրանի նահանգ:
- 0 Comments
- 103 views
- Tweet
Email
Print




