Սլէյման Կառչած Կը Մնայ Համամասնական Դրութեան Վրայ Հիմնուած Ընտրական Օրէնքին
By adminx - Fri Aug 10, 7:41 am
- 0 Comments
- 27 views
- Tweet
Email
Print
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման հաստատեց, որ ինք կառչած կը մնայ կառավարութեան վաւերացուցած ընտրական օրէնքին, որ հիմնուած է համամասնական դրութեան վրայ:
Ան նկատել տուաւ, որ նման օրէնք մը պահանջուած էր մեծ թիւով լիբանանցիներու կողմէ, որոնց շարքին են անոնք, որոնք ներկայիս օրէնքը իր ընդհանուր գիծերուն մէջ կը մերժեն: Նախագահ Սլէյման նշեց սակայն, որ այդ մէկը իրենց ժողովրդավարական իրաւունքն է:
Հանրապետութեան նախագահը մաղթեց, որ ընտրական այս օրէնքին քննարկումին ընթացքին խորհրդարանը սերտէ նաեւ ընտրաշրջանները, որպէսզի կարելի ըլլայ ընտրական օրէնքին շուրջ համախոհութիւն գոյացնել: Այս շրջագիծին մէջ նախագահ Սլէյման ընդգծեց, որ պէտք է սրբագրել նաեւ կիներու ներկայացուցչութեան առումով ճշդուած չափաբաժինը, որպէսզի կիները իսկապէս մասնակցին երկրին քաղաքական կեանքին:
Ան յոյս յայտնեց, որ խորհրդարանը կարելի եղածին չափ արագ վաւերացնէ ընտրական օրէնքը, որպէսզի ան անցնի քննարկելու վարչական ապակեդրոնացման վերաբերող օրինագիծը:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման երէկ Պէյթէտտինի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն եւ լիբանանեան բանակին միջեւ գործակցութիւնը:
Հանրապետութեան նախագահին այցելեց նաեւ նախկին նախարար Մոնա Օֆէյշ` ընկերակցութեամբ կնոջական պատուիրակութեան մը, եւ նախագահ Սլէյմանի ներկայացուց կիներուն բողոքը` ընտրական նոր օրէնքին մէջ կիներուն համար ճշդուած ներկայացուցչութեան չափաբաժինին առումով:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեցին նաեւ գաղթականներու հարցերու նախարար Ալաէտտին Թըրրօ եւ ընդհանուր դատախազի պաշտօնակատար, դատախազ Սամիր Համմուտ:
- 0 Comments
- 27 views
- Tweet
Email
Print




