Saturday May 25, 2013

Ընտրական Օրէնքին Մասին Կարծիքներ

By adminx - Fri Aug 10, 7:38 am

Կառավարութեան վաւերացուցած համամասնական դրութեան հիման վրայ մշակուած ընտրական օրէնքին մասին նախանցեալ օր բարձրացած քննադատական ալիքը եւ մերթ ընդ մերթ արձանագրուած գնահատանքը շարունակուեցան նաեւ երէկ:

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ ունեցած իր հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին շեշտեց, որ կառավարութեան վաւերացուցած ընտրական օրէնքը բարեկարգումի հետ ոչ մէկ կապ ունի: Ան հաստատեց, որ այդ օրէնքը կը միտի Լիբանանը յանձնել քաղաքական որոշ ուժերու` առանց լիբանանցիներուն միջեւ հաւասարակշռութիւն գոյացնելու:

Իր կարգին, արդարութեան նախարար Շեքիպ Քըրթպաուի ջրեց բոլոր այն տեղեկութիւնները, թէ համամասնական դրութիւնը կը ծառայէ Հըզպալլայի շահերուն` շեշտելով, որ ընդհակառակն` Հըզպալլային կը ծառայէ մեծամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը:

Ան դիտել տուաւ, որ ընտրական այս օրէնքը ամէնէն աւելի քրիստոնեաներուն շահերուն կը ծառայէ:

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ անդրադառնալով ընտրական նոր օրէնքին յայտնեց, որ իրենք հարց չունին այդ օրէնքը վերստին քննարկելու եւ զայն վերատեսութեան ենթարկելու, յատկապէս ընտրաշրջաններու բաժանումին առումով:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ շեշտեց, որ կառավարութեան վաւերացուցած ներկայ ընտրական օրէնքը ճիշդ կառավարութեան յարմարող օրէնք մըն է:

Երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի հաստատեց, որ մեծամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը, որ փոքր ընտրաշրջաններու վրայ հիմնուած է, լաւագոյն օրէնքն է, որ կրնայ ապահովել քրիստոնեաներուն իրաւունքները:

 

Leave a Reply

Advertisement