Tuesday May 21, 2013

Հարաւային Լիբանանի Մէջ Տեղակայուած Թրքական Ջոկատը Մտահոգ Է Առեւանգումի Սպառնալիքներէն

By adminx - Fri Aug 10, 7:33 am

Լիբանանեան ապահովական աղբիւրներ «Նաու Լեպանոն» կայքէջին յայտնեցին, որ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն մաս կազմող թրքական զօրամասը մտահոգ է իր դէմ ուղղուած առեւանգումի սպառնալիքներէն եւ այդ պատճառով ալ ամրապնդած է իր դիրքերուն ապահովութիւնը:

Ապահովական նոյն աղբիւրները հաստատեցին, որ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած 11 լիբանանցիներու թղթածրարին հարցով պատասխանատու նշանակուած շէյխ Ապպաս Զղէյպի սպառնալիքները լուրջ մտահոգութիւն պատճառած են Սուրի Շաայթիէ գիւղաքաղաքին մէջ դիրքաւորուած թուրք զինուորներուն:

Նշենք, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող թրքական զօրամասը կը հաշուէ 265 զինուոր, որոնք կը զբաղին գումակային, ճարտարապետական ու բժշկական ծառայութիւններով եւ շրջուն ջոկատներու դրութիւն չունին:

Թուրք զինուորները կ՛ենթարկուին ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրայի հրահանգներուն եւ իրենց դիրքերէն ուղղաթիռով կը փոխադրուին դէպի Նաքուրա եւ ապա Պէյրութի միջազգային օդակայան, երբ Թուրքիա ուղղուելու կարիք  ըլլայ:

Leave a Reply

Advertisement