Ուաէլ Նատեր Հըլքի` Սուրիոյ Նոր Վարչապետ
By adminx - Fri Aug 10, 7:29 am
- 0 Comments
- 124 views
- Tweet
Email
Print
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երկրի նոր վարչապետ նշանակեց Ուաէլ Նատեր Հըլքին, որ անջատուած վարչապետ Ռիատ Հիժապի կառավարութեան մէջ առողջապահութեան նախարարի պաշտօն կը վարէր:
Հըլքի սիւննի յարանուանութեան կը պատկանի եւ ծնած է Տարաա, ուր 17 ամիսներ առաջ ծայր առած էին Սուրիոյ նախագահին եւ վարչակարգին դէմ բողոքի առաջին ցոյցերը:
Հըլքի յաջորդեց 48 ժամուան համար նշանակուած վարչապետի պաշտօնակատար Օմար Ղալաուանժիին:
Միւս կողմէ, երէկ Հալէպի Սալահէտտին թաղամասին մէջ բախումները շարունակուեցան սուրիական բանակին եւ այսպէս կոչուած Սուրիական ազատ բանակին միջեւ:
Բախումներուն իբրեւ արդիւնք սուրիական բանակը իր ամբողջական հակակշիռին տակ առաւ շրջանը եւ գրաւեց մեծ քանակութեամբ զինամթերք:
Հայ Երիտասարդ Մը` Առեւանգուած
Լիբանանի սահմանին մօտ երէկ սուրիացի ընդդիմադիր զինեալներ առեւանգեցին 22-ամեայ հալէպահայ երիտասարդ Յովսէփ Բալմանուկեանը: Թէեւ սուրիական տագնապի շրջագիծին մէջ յաճախակի դարձած են ընդդիմադիրներու կողմէ առեւանգումները, սակայն անոնք ուղղուած չեն տեղւոյն հայերուն դէմ:
Ըստ «Երկիր Մետիա»-ի, տեղեկութիւններ կան այն մասին, որ առեւանգողները երիտասարդին համար շուրջ 15 հազար ամ. տոլարի փրկագին կը պահանջեն, եւ սուրիահայ համայնքը պատրաստակամութիւն յայտնած է օգնելու Բալմանուկեաններու ընտանիքին:
- 0 Comments
- 124 views
- Tweet
Email
Print




