Թեհրանի Մէջ Խորհրդակցական Հանդիպում` Սուրիոյ Վերաբերեալ
By adminx - Fri Aug 10, 7:24 am
- 0 Comments
- 41 views
- Tweet
Email
Print
Երէկ Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիոյ վերաբերեալ խորհրդակցական հանդիպումը` մասնակցութեամբ զանազան պետութիւններու ներկայացուցիչներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու:
Հանդիպումին բացումը կատարեց Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի, որ տեղեկացուց Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն շուրջ իր երկրին որդեգրած կեցուածքին ու վարած քաղաքականութեան մասին:
Ան ըսաւ, որ Իրան միշտ աջակցեցաւ ՄԱԿ-ի եւ Արաբական Լիկայի նախկին յատուկ բանագնաց Քոֆի Անանի ջանքերուն եւ ճիգ չխնայեց յաջողցնելու համար անոր առաքելութիւնը` դիտել տալով, որ Սուրիոյ մէջ կարգ մը խմբաւորումներու զինումը խոչընդոտեց Անանի աշխատանքները:
Սալեհի շեշտեց, որ ազգային երկխօսութիւնը` իշխանամէտ եւ ընդդիմադիր ուժերուն միջեւ, միակ լուծումն է Սուրիոյ հարցին, եւ իր խօսքը ուղղելով հանդիպումին ներկաներուն ըսաւ. «Իրան կը միտի ձեզի հետ քննարկելու Սուրիոյ մէջ կայունութիւնը վերականգնելու միջոցները եւ ապահովելու ազգային երկխօսութեան կայացումը»:
Իր կարգին, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի խօսքը արտասանեց ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչը, որ կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին` հարթելու Սուրիոյ տագնապի լուծման ճամբան: Ան դիտել տուաւ, թէ կարելի է համաձայնութեան մը յանգիլ քաղաքական փոխանցման շուրջ, եւ թէ Սուրիա եւս պէտք է մասնակցի այս հոլովոյթին:
Պան Քի Մունի ներկայացուցիչը ըսաւ, թէ բոլոր կողմերը յանձնառու պէտք է ըլլան` ապահովելու քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը եւ կասեցնելու սպանութիւնները, ինչպէս նաեւ յարգելու Սուրիոյ ժողովուրդին իրաւունքները:
Անոր խօսքէն ետք խորհրդակցական հանդիպումը շարունակուեցաւ դռնփակ:
Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի ըսաւ, թէ ներկաները քննեցին ժամանակաւոր զինադադարի յանգելու ձեւերը, ինչպէս նաեւ դիւանագիտական ջանքերը վերսկսելու եւ նոր բանագնաց մը նշանակելու կարելիութիւնները:
Ան նաեւ յայտարարեց, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը ընդունած է Թեհրանի առաջարկը` Իրանի մէջ կազմակերպելու հանդիպումներ իշխանամէտ եւ ընդդիմադիր ուժերուն միջեւ, եւ թէ Սուրիոյ իշխանութիւնները արդէն իսկ նշանակած են ներկայացուցիչ մը:
Նշենք, որ խորհրդակցական հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը բերին ներկայացուցիչներ Հայաստանէն, Ռուսիայէն, Չինաստանէն եւ այլ երկիրներէ:
- 0 Comments
- 41 views
- Tweet
Email
Print



