Եգիպտական Օդուժի Հարուածներուն Պատճառով` Սինայի Մէջ Քսան Զինեալներ Կը Սպաննուին
By adminx - Fri Aug 10, 7:21 am
- 0 Comments
- 27 views
- Tweet
Email
Print
Եգիպտական պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Արիշի մէջ համակարգուած յարձակումի մը ընթացքին «ահաբեկիչներու» կողմէ սպայի մը եւ հինգ զինուորներու սպանութենէն քանի մը վայրկեան ետք, եգիպտական բանակը օդուժի օժանդակութեամբ յարձակում գործած է Սինայի հիւսիսը գտնուող Թումա գիւղին վրայ` սպաննելով քսան «ահաբեկիչներ»:
Պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ եգիպտական բանակի յարձակումը անակնկալ էր եւ զինեալներուն թաքստոցը եղող Թումայի դէմ օդուժ կիրարկուած էր: Եգիպտոսի զինեալ ուժերը յարձակումին ազդանշանը տուած են, երբ հաստատ տեղեկութիւններ ստացած են, որ յանցաւորները այդ կէտին վրայ հաւաքուած են եւ «Քրուզըր» տիպի ինքնաշարժներ կը վարեն` պատրաստուելով շրջանին մէջ եգիպտական բանակին դէմ թակարդներ լարելու:
Միւս կողմէ, Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Իսրայէլի կառավարութիւնը «Սինայի մէջ ահաբեկչութեան դէմ պատերազմին Եգիպտոսի օժանդակութեան ձեռք երկարելու ուրախ պիտի ըլլայ»:
Ան նշած է, որ Իսրայէլ համաձայն գտնուած է, որ Եգիպտոս շրջան ուղարկէ յաւելեալ ուժեր, որոնք կը շրջանցեն երկու երկիրներուն միջեւ կնքուած խաղաղութեամբ համաձայնութեան մէջ նշուած թիւը` նշելով, որ «հարցը ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու որոշումին կը վերաբերի»:
- 0 Comments
- 27 views
- Tweet
Email
Print




