Thursday May 16, 2013

Շահին. «Սպաննուած Չորս Ահաբեկիչէն Երկուքը Օտարահպատակ Են». Օտարահպատակներու Կարգին Հայաստանցի Ալ Կը Նշուի

By adminx - Fri Aug 10, 7:20 am

Իտրիս Նայիմ Շահին

«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Իտրիս Նայիմ Շահին դարձեալ ըրաւ յայտարարութիւն մը, որ բանավէճի նիւթ կրնայ դառնալ: Արդարեւ, ներքին գործոց նախարարը Թուրքիոյ մէջ կատարուած քրտական ահաբեկչութիւնները վերագրեց օտարահպատակներու, ատոր փոխարէն մաքուրի հանեց Թուրքիոյ քիւրտերը, որոնց մասին քանի մը անգամ գործածեց «քիւրտ եղբայրներս» ասութիւնը:

Շահին ըսաւ, որ սպաննուած իւրաքանչիւր չորս ահաբեկիչէն երկուքը օտարահպատակ է, կը կրէ Իրանի, Սուրիոյ, Հայաստանի եւ երբեմն ալ Իսրայէլի ինքնութեան թուղթ: «Այս յարձակումները օտարներու կազմակերպութեամբ են, այլապէս իմ քիւրտ եղբայրներս այսպիսի խնդիր մը չունին, եթէ իմ քիւրտ եղբայրներս այսպիսի խնդիր մը ունենային, այն ատեն անոնց դիմաց ո՛չ Թուրքիան կրնար կանգնիլ, ո՛չ ալ ամբողջ աշխարհը», ըսաւ ան:

Շահին աւելցուց. «Անցեալին կարգ մը սխալներ գործուեցան, բայց այսօր Թուրքիոյ մէջ որեւէ պակաս բան չկայ իրաւական ու դատական կարգերու, հաւասարութեան եւ ազատութեան մարզերուն մէջ, իմ քիւրտ եղբայրներս միայն ունին ՔԱԿ-ի կամ ՔՃՔ-ի նման խնդիրներ: Այս երկու կազմակերպութիւնները իմ քիւրտ եղբայրներս եւ անոնց ապրած աշխարհագրական շրջանը ընկերաբանական տեսակէտէ չարաչար կը գործածեն եւ երեւակայական նոր աշխարհ մը հիմնել կը ջանան:

Leave a Reply

Advertisement